Ըմբշամարտ. Արտակ Յովհաննիսեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 55 քկ դասակարգի (ազատ ոճ) ճակատումներուն Հայաստանը ներկայացնող Արտակ Յովհաննիսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Ռուսլան Սուրխայեւին, նախքան իր այս մրցումին յաղթելը, ան յաղթեց ուքրանացի երկու ըմբիշի, ապա` հնդիկի մը, սակայն պարտուեցաւ ապագայ ախոյեան իրանցի իր մրցակիցէն:

66 քկ դասակարգին մէջ Արէն Ալեքեան, յաղթելէ ետք հունգարացի եւ պիելոռուս իր մրցակիցներուն, պարտութիւն կրեց իր թուրք մրցակիցէն:

120 քկ դասակարգին մէջ մետալի չտիրացաւ նաեւ Համլեթ Աբրահամեան, կ՛եզրափակէ ArmSport.am-ը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )