«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Եւ Վաղը` Զտումի Ա. Հանգրուանի Երթի Մրցումները
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան հինգական հետաքրքրական ճակատումներ:
Ա. Սէ. Միլան 2013-2014 տարեշրջանի իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ այսօր, երբ հիւրը ըլլայ Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի:
Այսպիսով, եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ա. Սէ. Միլան միայն մէկ անգամ` վերջին 11 տարեշրջաններուն ընթացքին, կը մասնակցի փլէյ-օֆի մրցումներուն:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ————————————— ԺԱՄ
Շախտիոր Քարականտի – Սելթիք 19:00
Լիոն – Ռէալ Սոսիետատ 21:45
Փաքոս Ֆերէյրա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 21:45
Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն – Ա. Սէ. Միլան 21:45
Վիքթորիա Փլզեն – Մարիպոր 21:45
ՎԱՂԸ
Տինամօ Զաղրեպ – Աւստրիա Վիեննա 21:45
Ֆեներպահչէ – Արսենալ 21:45
Լուտոկորեց Ռազկրատ – Պալ 21:45
Շալքէ – ՓԱՈՔ Թեսալոնիքի 21:45
Շթէուա Պուքրեշ – Լեկիա Վարշաւա 21:45