Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նախքան ճամբայ ելլելը հեռու տեղ մը երթալու` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը եւ ըստ այնմ կատարեցէք ձեր ճամբորդութիւնը: Ուշադիր եղէք նաեւ ձեր դրամապանակին: Շրջահայեաց եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք օրուան ձեր աշխատանքին ընթացքին: Անակնկալ, որ կրնայ նոր ուղղութիւն մը բանալ ձեր ապագային համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յատուկ ծրագրի մը վերաբերեալ ձեր առաջարկը պիտի ընդունուի: Այս առիթով նոր պատասխանատուութիւն մը կրնաք ստանձնել առանց դժուարութեան: Ձեր նախաձեռնութիւնը պիտի գնահատուի նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի հրաւիրուիք ուրախ առիթի մը ներկայ ըլլալու: Հոն պիտի հանդիպիք անձի մը, որուն հետ զրուցելով` պիտի յանգիք նոր գործառնութեան մը համաձայնութեան: Այս անակնկալը նոր էջ մը պիտի բանայ ձեր կեանքին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կասկածը հեռացուցէք ձեզմէ, այսօր եղէք լաւատես, որովհետեւ պիտի նկատէք, թէ կեանքը այդքան ալ անտանելի չէ, այլ կրնաք նաեւ ունենալ յաջողութիւններ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երբ դիւանագիտութիւնը հեռու է կեղծիքէ եւ դրական տրամադրութեամբ կը կիրարկուի, կը վերածուի յաջող յարաբերութեան մը տանող ճիշդ քայլի մը: Վստահեցէք նման վերաբերումի արդիւնքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Հազար չափէ մէկ կտրէ» կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը. հետեւաբար այսօր ջանացէք ըլլալ հաւասարակշռուած աշխատող մը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր միտքը մի՛ փոխէք ծրագրի մը առնչուած հարցի մը պարագային: Կրնաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր որոշումը: Փոփոխութեան պարագային յապաղում կ՛ըլլայ, ինչ որ աննպաստ վիճակ կը ստեղծէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մտիկ ըրէք ձեր խօսակիցին կարծիքը, որ կրնայ իրաւացի ըլլալ: Ստուգեցէք ձեր լսած տեղեկութեան աղբիւրը եւ ապա դիրքաւորուեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը ունի հանդարտ վիճակ: Մի՛ ծրագրէք, այլ ամէն հարց ձգեցէք նախախնամութեան կարգադրութեան, ինչ որ բնական ընթացք կ՛ունենայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դիմեցէք դրամատուն եւ կարգադրութիւն մը ըրէք ձեր հաշիւին վերաբերեալ: Այսպիսով կրնաք վստահ ըլլալ նիւթական ձեր վիճակին: Խնայող եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր լսած լուրը ստոյգ չէ, հետեւաբար մի՛ աճապարէք ուրիշին ըսելով: Գաղտնապահ ըլլալը առաքինութիւն է: Բերնէ բերան գերան չըլլայ հարցը: