50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1963)
Տոմսեր
Ձուկերու Պատմութիւն…
(«Հին Եւ Նոր Ազգաց»)
Ամերիկեան թերթ մը կը հաղորդէ, թէ հեռաւոր երկրի մը մէկ լճին մէջ գտնուող ձուկերը ամբողջովին պիտի բնաջնջուին, եւ անոնց տեղ նոր տեսակի համեղ ձուկեր պիտի բերուին:
Բնաջնջման այս սպառնալիքէն սարսափահար` ձուկերու կողմէ… պատուիրակութիւն մը կը դիմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ կը բողոքէ.
– Պարոննե՛ր, մեզի ըսին, թէ դուք մարդ էք. մարդիկ կ՛ունենան խիղճ ըսուած բան մը, զոր տկարներու պաշտպանութեան համար Աստուած ձեր մէջ է դրած: Մենք ամէնէն անպաշտպան արարածներն ենք, որ կանք: Գիտե՜նք այս աշխարհի մէջ տիրող փիլիսոփայութիւնը` «Կա՛մ պիտի ուտես, կա՛մ պիտի ուտուիս»: Մենք` ձուկերս, օրինակ, ուտուելո`ւ ճակատագրուած ենք, թէեւ մեր լաւագոյնը կ՛ընենք խուսափելու համար ձեր ուռկաններէն եւ կարելի եղածին չափ երկարելու համար մեր կեանքը` տոկալո՜վ, տոկալո՜վ, տոկալո՜վ, մինչեւ որ հասնին լաւագոյն օրեր. այսինքն` այն օրերը, երբ մարդը պիտի դադրի ձուկ ուտելէ:
Բայց սա արմատական բնաջնջո՞ւմը, որ կը սպառնայ մեզի, դարերէ ի վեր մեր ապրած ջուրերուն մէջ իսկ խեղդելով մեզ: Ամօ՜թ է մարդկային քաղաքակրթութեան…
Թուրքիոյ պատուիրակը խօսք կ՛առնէ եւ իր պաշտօնակիցներուն կ՛ըսէ.
– Այս ձուկերը տապկուա՞ծ կ՛ուտեն, թէ՞… փլաքի:
Ձուկերէն մէկը.
– Չէ՞ք ամչնար: Մենք եկած ենք մեր բնաջնջումէն փրկուելու համար, եւ դուք կ՛ուզէք ուտե՞լ մեզ:
Թուրքը.
– Մենք մեր երկրին մէջ երկու միլիոն մարդոց գլուխը կերանք եւ բա՜ն ըսող չեղաւ մեզի… Հիմա ձուկ ուտելէ՞ պիտի վախնանք…
Ու կօշիկը կը հանէ զանոնք բռնելու համար:
Ձուկերը կը փախչին եւ իրենք զիրենք վար կը նետեն ՄԱԿ-ի վերնայարկէն «ա՛ս ճանավարին ձեռքը չիյնանք» ըսելով…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Կին Եւ Սէր
Մտածումներ Յ. Պարոնեանէն
Կ՛ուզե՞ս գէր մարդիկը նիհարցնել, խօսք հասկնալ չուզող կին մը տուր անոնց:
– Գեղեցկութիւնը օղի է. չափաւորը ախորժակ կը բնայ, իսկ չափազանցը կը գինովցնէ:
– Սէրը բաղաձայն է, ինք իրմէ ձայն չի հաներ, մինչեւ որ քովը չդրուի նախանձը:
– Համբոյրները սիրոյ քերականութեան միջակէտերն են:
– Երկրորդ անգամ ամուսնացող կինը առաջին անգամ ամուսնացող կիներէն աւելի օգտակար եւ պատուաւոր համարուելու է, որովհետեւ գրքի մը երկրորդ տպագրութիւնը անոր առաջին տպագրութեան աղէկ ընդունելութիւն գտած ըլլալը կ՛ապացուցանէ:
– Կիներուն համար ամէն օր բարեկենդան է, որովհետեւ ամէն օր դիմակաւոր են:
– Եթէ ամէն ետին նայող կին Ղովտի կնոջ պէս աղէ արձան կտրէր, թէ աղը շատ աժան կը գնէինք եւ թէ գեղարուեստի մասին աւելի յառաջդիմութիւն ըրած կ՛ըլլայինք:
– Սէրը անանկ մանուկ մըն է, որ խենթ է, կոյր է: փոփոխամիտ է, հաստատամիտ է, գթասիրտ է, բարբարոս է, շողոքորթ է, անաչառ է: Հրամեցէք` կրթեցէք այս տղան:
– Պէտք է յարգել ամուսնութիւնը, որչափ ատեն որ քաւարան մըն է, բայց դժոխք ըլլալուն պէս լուծելու է:
– Շատ մը կիներ աւելի սիրուն պիտի ըլլային, եթէ կարենային սիրուն ըլլալնին քիչ մը մոռնալ:
Յ. Յ. ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Նկարիչ Յ. Թորոսեան
Պէյրութի Մէջ
Փարիզաբնակ երիտասարդ նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, որ իր իւրայատուկ գործերով յատուկ ուշադրութեան արժանացած է, քանի մը օրէ ի վեր Պէյրութ կը գտնուի:
Լիբանանահայ նկարիչը, որ երկու տարի առաջուան իր ցուցահանդէսով ծանօթ է Լիբանանի գեղարուեստասէր հասարակութեան, մօտ չորս ամիս պիտի մնայ Լիբանան:
Հոկտեմբերի վերջերը կամ նոյեմբերի սկիզբը պիտի տայ ցուցահանդէս մը, որ վստահ ենք, թէ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ:
Տաղանդաւոր նկարիչը երէկ այցելեց խմբագրատունս եւ իր գործերուն մասին զրոյց ունեցաւ խմբագրութեանս հետ: