Արուեստի Գործերու Նուիրատուութիւնը Կը Շարունակուի

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ` 20 օգոստոսի երեկոյեան, հայր եւ որդի Համլեթ եւ Արամ Մաթեւոսեաններ այցելեցին «Ազդակ»: Անոնք Պէյրութ կը գտնուին «Նոազ Արք» ցուցասրահին հրաւէրով` իբրեւ արուեստի գործերու վերանորոգող վարպետներ: Համլեթ Մաթեւոսեանը արդէն իսկ միջազգայնօրէն արժանացած է նորոգողի «Grand Master» տիտղոսին եւ մինչեւ իսկ «Լուվր»-ի եւ «Էրմիթաժ»-ի նման թանգարաններու համար ցարդ նորոգած է Վերածնունդի շրջանի (իւրաքանչիւրին շուրջ երկու տասնեակ) հնատիպ ստեղծագործութիւններ: Անոր որդին` Արամը, աւարտելէ ետք Երեւանի գեղարուեստից հիմնարկը, կը պաշտօնավարէ Երեւանի ազգային պատկերասրահին մէջ` իբրեւ վերականգնող-վերանորոգող գեղանկարիչ:

Այս առիթով, ան իր ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ նմուշ մը` «Ծաղկաման»-ը նուիրեց «Ազդակ»-ին, որուն համար տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կը մաղթէ, որ ան շարունակէ իր հօրը հազուագիւտ արուեստը:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES