«Աւօ Էքմեքճեան» Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարք` Ֆանարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ – Պաուշրիէի ֆութպոլի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէի վարչութեան, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ մինի-ֆութպոլի մրցաշարք մը, նուիրուած` մասնաճիւղի երկար տարիներու մարզիկ, վարչական եւ մարզական պատասխանատու Աւօ Էքմեքճեանի յիշատակին:
Մրցաշարքին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 յուլիս 2013-ին, Ֆանարի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի դաշտին վրայ, մասնակցութեամբ 10 խումբերու:
Մրցումները, որոնք տեւեցին 15 օր, անցան մարզական խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Մրցաշարքի փակման հանդիսութեան օրը տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Աւօ Էքմեքճեանի ընտանեկան պարագաները, համակիրներ եւ շրջանի բնակիչներ:
Նախքան աւարտական մրցումին սկիզբը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Աւօ Էքմեքճեանի յիշատակը:
Մրցաշարքի ախոյեանութեան տիրացաւ «Լէյլաւան» խումբը, որ աւարտական մրցումին յաղթեց «Արմենիա» խումբին` 8-3 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Րաֆֆի Անտոնեան, որ վեր առաւ Աւօ Էքմեքճեանի արժանիքները, անձ մը, որ իր բոլոր կարողութիւնները դրած էր ՀՄԸՄ-ի միջոցով ծառայելու շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ մրցանակաբաշխութեամբ:
Յատուկ բաժակ մը տրուեցաւ առաւելագոյն կոլ նշանակող Գէորգ Գարաչայլեանի` ձեռամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանի:
«Արմէն Գարօ» խումբը (որ օր մը առաջ յաղթած էր «Արցախ» խումբին` 10-4 արդիւնքով), ստացաւ երրորդ դիրքին համար յատկացուած բաժակը, ձեռամբ` ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Անտոնեանի:
Երկրորդ դիրքը գրաւած «Արմենիա» խումբին մարզիկները ստացան յիշատակի մետալներ եւ երկրորդ դիրքի բաժակը, ձեռամբ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Հրայր Ֆերմանեանի:
Իսկ առաջին հանդիսացած «Լէյլաւան» խումբին մարզիկներուն յիշատակի մետալներն ու մրցաշարքին բաժակը Լէյլաւանի խմբապետին յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան:

