Հայաստան – Դանիա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ սկսան ծախուիլ Հայաստան – Դանիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերը` Հրազդան մարզադաշտին շուրջ գտնուող խանութներէն, ինչպէս նաեւ «Հիւմել» վաճառատունէն:
21 օգոստոսէն սկսեալ տոմսերը պիտի ծախուին նաեւ «Երեւան-Սիթի» խանութներուն մէջ:
Տոմսակներուն գիներն են` 2000, 3000, 5000 եւ 8000 դրամ:
Պատուոյ թրիպիւնին տոմսեր ապահովելու համար պէտք է միայն կապ հաստատել Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 սեպտեմբերին` Հրազդան մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

