Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Դառնայ Հիւլէական Հարցով Նոր Բանագնացը
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ «Վեցեակ»-ին հետ բանակցութիւնները պիտի վարէ:
Հասան Ռուհանիի նախագահ ընտրուելէն ետք, Իրան բազմիցս յայտարարած է, որ պիտի փոխէ բանակցողը: Նախապէս այդ պաշտօնը կը վարէր Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը:
Երկրին նոր իշխանութիւնները արդէն հաղորդած են, որ Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի` բանակցութիւններուն մէջ օգտագործած ոճը կտրուկ կերպով պիտի փոխեն:
CATEGORIES Միջազգային


