Բրիտանիոյ Յատուկ Ծառայութիւնները Սպառնացած Են «Կարտիըն»-ին

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ալեն Ռասպրիճըր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները «Տը Կարտիըն» օրաթերթէն կը պահանջեն իրենց յանձնել կամ ոչնչացնել «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի փոխանցած գաղտնի փաստաթուղթերը:

Գլխաւոր խմբագիրը յայտնած է, որ իրեն քանի մը անգամ հեռաձայնած են «շատ լուրջ կառավարական պաշտօնատարներ» եւ յայտնած, որ «կը գործեն վարչապետի շահերու շրջանակին մէջ»:

Այդ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք, խմբագիրը երկու հանդիպում ունեցած է իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ընթացքին իրմէ պահանջած են «յանձնել կամ ոչնչացնել փաստաթուղթերը»: Իսկ չհամաձայնելու պարագային դատական հոլովոյթով սպառնացած են:

Ըստ անոր, վերջերս օրաթերթի համակարգիչներէն ոչնչացուած են քանի մը սկաւառակներ: Ան կ՛ենթադրէ, որ այդ ձեւով երկրին իշխանութիւնները փորձած են ոչնչացնել այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կրնային յայտնուիլ «չինացի գործակալներու ձեռքին մէջ»: «Ատիկա թերթին երկարատեւ պատմութեան ընթացքին ամէնէն խելացնոր պահերէն մէկն էր», ըսած է խմբագիրը:

Ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ գաղտնի փաստաթուղթեր լրատուամիջոցներուն տրամադրած, «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Սնոուտընը ժամանակաւոր ապաստան ստացած է Ռուսիոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )