Յորդանան Սկսած Է Կարմիր Ծովէն Դէպի Մեռեալ Ծով Ջրատարի Կառուցման

Ապտալլա Նուսուր

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Յորդանան սկսած է Կարմիր ծովէն ջուրը դէպի Մեռեալ ծով տանող ջրատարի կառուցման նախագիծի առաջին փուլը:

Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր Ամմանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «կառավարութիւնը հաստատած է նախագիծը թեքնիք, երկրաբանական, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական բազմամեայ հետազօտութիւններու հիման վրայ»:

Նախագիծին արժէքը կը գնահատուի 980 միլիոն տոլար: Ջրատարին միջոցով Յորդանանը պիտի կարենայ տարեկան յաւելեալ 100 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր ստանալ:

Տարածքին 92 առ հարիւրը անապատ եղող Յորդանանը կը կարօտի ջուրի յաւելեալ պաշարներու` իր 6.8 միլիոն բնակչութեան եւ հարիւր հազարաւոր սուրիացի գաղթականներու ըմպելի ջուր ապահովելու համար:

Կառավարութեան տուեալներով` մինչեւ 2015 թագաւորութիւնը տարեկան 1.6 միլիառ խորանարդ մեթր ջուրի կարիք պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES