Ըստ Իրանեան Աղբիւրներու. Ռուհանիի Կառավարութիւնը Կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Հաստատել
Իրանեան աղբիւրներ սէուտական «Ժազիրա» օրաթերթին յայտնած են, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ շրջանի երկիրներուն հետ կ՛ուզէ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել` լուծելու համար Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Եմէնի եւ Պահրէյնի մէջ տարակարծութիւններն ու տագնապները:
Իրանցի փորձագէտ մը օրաթերթին նշած է, որ Ռուհանի տարակարծութիւնները զէնքի փոխարէն դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու ծրագիր մը ունի:
Իրանեան աղբիւրները «Ժազիրա»-ին յայտնած են, որ Ռուհանիի կառավարութիւնը Իրանի հիւլէական թղթածրարը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն փոխանցած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, որպէսզի այդ թղթածրարը արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի ձեռքը ըլլայ:
CATEGORIES Միջազգային


