Իսրայէլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Սուրիոյ Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ
ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր Սուրիոյ դէմ միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցած է բողոք մը, որ կը վերաբերէր նախորդ երկու օրերուն սուրիական հողերէն բռնագրաւուած Կոլանի դէմ արձակուած ռումբերուն:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Փրոսոր իր բողոքագիրին մէջ զգուշացուցած է, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ ապագային «իր հողամասերուն» դէմ կատարուած ռմբարձակումներուն:
Ան յայտնած է, որ ինք անցեալին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իրերայաջորդ կերպով զգուշացուցած է, որ «այսպիսի գրգռութիւնները Իսրայէլի համար ընդունելի պիտի չըլլան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Լա Հէյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուենտի Շըրմընի հանդիպումը Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կազմակերպման հարցը:
«Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուենտի Շըրմըն, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ եւ արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պարտականութիւնները կատարող Էլիզապեթ Ճոնզ յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում պիտի ունենան ռուսական կողմի ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար սուրիական հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած հետագայ ջանքերը», ըսաւ Փսաքի:
Մինչ այդ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Հալէպի մէջ կը պատրաստուի շղթայազերծելու լայնածաւալ գործողութիւն մը, որ քաղաքին մէջ կացութիւնը պիտի շրջէ ի նպաստ իրեն:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ սուրիական բանակը այդ գործողութեան ճամբով ցնցումի պիտի մատնէ զինեալ ընդդիմութեան աջակցող պետութիւնները` նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիան ու Թուրքիան, որոնք իրենց գրաւը մինչեւ օգոստոսի աւարտը Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ գրաւելու այդ զինեալներու կարողութեան վրայ դրած էին, որպէսզի սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն գումարուելու պարագային «Ժընեւ-2»-ի ընթացքին իրենց դիրքը ամրապնդեն:


