Անգարա-Գահիրէ Բուռն Բանավէճ. «Թուրքիա Փաստ Ունի, Թէ Եգիպտոսի Յեղաշրջումին Ետին Իսրայէլը Կը Կանգնի» Ըսաւ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ղեկավարներու ընդլայնուած նիստին ընթացքին յայտնեց, որ 3 յուլիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումին ետին Իսրայէլը կանգնած է` աւելցնելով, որ Անգարա այդ առնչութեամբ փաստ ունի:
«Այժմ Արեւմուտքը կը սկսի ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը քուէատուփը կամ միայն քուէատուփը չէ, սակայն մենք գիտենք, որ քուէատուփը ժողովուրդին կամքն է», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ վարչապետը քննադատեց արեւմտեան երկիրները` Եգիպտոսի յեղաշրջումին նկատմամբ անոնց կեցուածքին համար` ըսելով, որ «Արեւմուտքը պէտք է ժողովրդավարութեան նկարագրութիւնը հասկնայ, անոնք զայն պէտք է սորվին»:
«Այս է Եգիպտոսի մէջ գործադրուածը: Ո՞վ կը կանգնի ասոր ետին` Իսրայէլ: Փաստ ունինք», յայտարարեց Էրտողան` մէջբերելով ֆրանսացի մտաւորականի մը Ֆրանսայի մէջ 2011-ի ընտրութիւններէն առաջ Իսրայէլի արդարութեան նախարարին հետ հանդիպումը:
Էրտողան ըսաւ, որ մտաւորականը հրեայ էր: «Իսլամ եղբայրները իշխանութեան վրայ պիտի չըլլան, նոյնիսկ եթէ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեն: Որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը քուէատուփը չէ: Օրին այս ըսած է ան», նշեց Էրտողան:
«Ոչ ոք «բռնատէր» բառը կրնայ ըսել հոն, ուր բռնատիրութիւն գոյութիւն ունի: (Այդպիսի մարդիկը) կախաղան կը հանեն, ճիշդ ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ՛ընեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «անոնք, որոնք բռնատէր մը կ՛ուզեն տեսնել, պէտք է Եգիպտոսին նային»:
Էրտողան նաեւ քննադատեց Ծոցի արաբական երկիրները, որոնք Եգիպտոսի ժամանակաւոր իշխանութեան ելեւմտական օժանդակութիւն տրամադրեցին, եւ անոնց հարց տուաւ, թէ Ափրիկէի իսլամական երկիրներուն երբեւիցէ այդպիսի օժանդակութիւն տրամադրա՞ծ են:
«Գիտենք, որ իսլամական աշխարհին մէջ հարուստներ կան, սակայն նաեւ գիտենք, թէ գոյութիւն ունին աղքատ մարդիկ, որոնք անոնց ողորմութեան կարօտ են: Իսլամական աշխարհի հարուստներն են, որոնք բռնատէրերուն զօրակցեցան», ըսաւ ան:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի հակադարձեց Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն` յայտնելով, որ «Արեւմուտքի գործակալները մեզի հայրենասիրութեան դասեր պէտք չէ տան»:
Ան շեշտեց, որ «շրջանային գործակալները պիտի չկարենան եգիպտական պետութիւնը քանդել»:
Մինչ այդ, եգիպտական դատախազութիւնը 15 օրով երկարաձգեց արգելափակումը թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին: Թրքական դեսպանատունը այդ որոշումին դէմ բողոքեց:
Թրքական իշխանութիւնները երէկ նաեւ Լուքսորի մէջ 2 թուրք զբօսաշրջիկներ ձերբակալեցին:
Նշենք, որ եգիպտական ապահովական մարմինները երէկ ձերբակալեցին Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Մոհամետ Պատիհը: Իսլամ եղբայրները այդ ձերբակալութենէն ետք յայտարարեցին, որ «ժողովուրդի իրաւունքներէն զիջում կատարելը բացառուած է»: Անոնք նաեւ յայտարարեցին, որ Մահմուտ Իզզաթ Իպրահիմը կը ստանձնէ շարժումի հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը:

