Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները խորհրդակցութեան նիւթ են, իսկ կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը առկայ են:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ փոխվարչապետը շեշտեց, որ իրենց ստոյգ տեղեկութիւններ հասած են, թէ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը ողջ են. ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք որոշ գաղափար մը ունին, թէ առեւանգեալները ո՛ր շրջանին մէջ կը գտնուին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի քաղաքական աղբիւրներ շեշտած են, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է Ռուէյսի պայթումէն ետք: Ռուէյսի պայթումին հարցով նախագահ Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու եւ գործակցելու:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ վերջնական որոշումին կը կարօտի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հալէպի ճակատամարտին սկսելէն ետք Լիբանանի մէջ պայթումները աւելի յաճախակի դառնան:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պաքքար շրջանի բնակիչները երէկ փակեցին ճամբաները` բողոքելով իրենց կատարուելիք նիւթական հատուցումները յետաձգելու իրականութեան դէմ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա հաստատեց, որ իրենց եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխումի պէտք է ենթարկել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ լիբանանցիները հետզհետէ աւելի սուղ պիտի վճարեն Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու գինը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ անձնական ապահովութեան դիմելը ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանն է, որուն կրնայ հասած ըլլալ երկիր մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Թայմուր Ժոմպլաթ այցելած են Սէուտական Արաբիա:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ բոլոր սպանութիւններն ու ականները, որոնք 2005-էն ի վեր Լիբանանն ու լիբանանցիները թիրախ դարձուցած են, Քայիտայի կողմէ գործադրուած են: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը պաշտպանողական բնոյթ ունի եւ ոչ թէ միջամտութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Սուրիոյ մէջ կռիւը շարունակելու վճռակամութիւնը կը փաստէ Լիբանանը անդունդն ի վար գլորելու անոր նպատակը:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ զգուշացուցին հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք Լիբանանը անիշխան պահելու հաւանական ծրագիրէ մը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու է սահմանային Կապոյտ գիծը որեւէ խախտումէ պաշտպանելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկացի դեսպան Մորա Քոնելլի, աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ իր առաքելութիւնը, երէկ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

ՍՈՒՐԻՈՅ Իսլամ եղբայրներուն հետեւորդ «Մարուան Հատիտ» փաղանգը ստանձնեց Հերմելի դէմ կատարուած հրթիռարձակումին պատասխանատուութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )