ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՀԻԹ – ՄԱՎԸՐԻՔՍ` 2-1
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Տալասի մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Մայեմի Հիթի յաղթանակով: Վերջինս երկու կէտի տարբերութեամբ` 88-86 արդիւնքով յաղթեց Մավըրիքսի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Հիթ այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ իր մրցակիցին վրայ: Անոնց միջեւ չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 8 յունիսին, դարձեալ Տալասի մէջ:
Թէեւ երէկուան այս մրցումին Մավըրիքսի մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 34 կէտ, սակայն ատիկա բաւարար չեղաւ, որ անոր կազմը յաղթանակ արձանագրէ: Տուայն Ուէյտ (Հիթ) նշանակեց 29 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
CATEGORIES Մարզական