ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՒԱՐՏԻ ՕՐԻՍԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Հայրենի մեծ վարպետ Տիգրան Լ. Պետրոսեան այսօր լաւ առիթ մը ունի տիրանալու Հնդկաստանի Օրիսա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:

11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, հայրենի վարպետը 8 կէտով կը բաժնէ 2-4 դիրքը: Առաջին դիրքը 8,5 կէտով կը գրաւէ Մակեշ Փանչանաթան (Հնդկաստան):

Վերջին հանգրուանին Պետրոսեան սեւ քարերով պիտի մրցի հնդիկ մեծ վարպետ Ապիճետ Քուփթայի հետ, որ իր կարգին ունի 8 կէտ:

Առաջին տեղը գրաւելու եւ տիտղոսին տիրանալու համար Պետրոսեան ամէն գնով պէտք ունի յաղթանակի, նոյնիսկ եթէ ան վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք ուրիշներուն նման ունենայ նոյնքան կէտ: Յաղթանակը արձանագրելու պարագային ան լրացուցիչ գործակիցներով պիտի գերազանցէ մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES