ՃԱՏՐԱԿ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայրենի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան նախորդ շաբաթավերջին եկաւ Հայաստան` պատրաստուելու համար ճատրակի կարեւոր մրցաշարքերու, սակայն ի մասնաւորի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն:
Հաւաստի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ան աւելի քան մէկ ամիս պիտի մնայ իր հայրենիքին մէջ:
Ան արդէն իսկ հանդիպում մը ունեցաւ Միքա ճատրակի ակումբի աշակերտներուն հետ եւ անոնց որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց ճատրակի վերաբերեալ:
CATEGORIES Մարզական