Շարպել-Էօզեըլտըզ Հանդիպում

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն եւ Ազեզի մէջ գտնուող ինը առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Շարպել կոչ ուղղեց Ազեզի մէջ գտնուող ինը առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը անջատելու առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն հարցէն:

Ան ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի թուրք օդաչուները ազատ արձակելու առումով` մաղթելով, որ թրքական կողմը ճիգ չխնայէ Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցիները ազատ արձակելու իմաստով:

Շարպել յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ինք եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ պիտի ուղղուին Անգարա, ուր անոնք հանդիպումներ պիտի ունենան թուրք պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը:

Իր կարգին, Էօզեըլտըզ թրքական պետութեան անունով պահանջեց թուրք օդաչուները ողջ եւ առողջ վերադարձնել անոնց ընտանիքներուն` առանց անոնց հարցը առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին կապելու:

Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը ջանան Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակել, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES