Սապունճեան Քաղաքապետարաններուն Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Գործակցութեան Կոչ Ուղղեց
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ողջունեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք նախանցեալ օր անմիջապէս փութացին Պիքֆայա` հակակշիռի տակ առնելու Ժեմայէլ եղբարքին պատկանող խաւաքարտի (քարթոն) արտադրութեան գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը:
Վ. Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ բարձր գնահատեց անոնց զոհողութիւնը:
Ան մաղթեց, որ հրդեհին պատճառած վնասները ըլլան սահմանափակ` աւելցնելով, որ ինք նախարարութեան բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրէ գործարանին:
Վ. Սապունճեան ողջունեց գործարանի սեփականատիրոջ` Ֆատի Ժեմայէլի կեցուածքը, որուն հիման վրայ վերջինս հաստատեց, որ հակառակ այդ փորձանքին, գործարանը պիտի շարունակէ աշխատիլ: «Այս կեցուածքը ազգային եւ ընկերային հսկայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կը դրսեւորէ», ըսաւ Վ. Սապունճեան:
Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն` դիւրացնելու հրշէջ մեքենաներուն կողմէ ճարտարարուեստական յատուկ շրջաններ հասնելու ճամբաները, որպէսզի նման արկածներու պարագային կարելի եղածին չափ վնասները սահմանափակուին: