Միքաթի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնէ Բացայայտելու Համար Թուրք Օդաչուներուն Ճակատագիրը»

Թուրքիոյ դեսպանը եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բացայայտելու համար թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին ճակատագիրը:

Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնը պէտք չէ ճիգ խնայէ ազատ արձակելու համար Ազեզի մէջ գտնուող  առեւանգուած լիբանանցիները:

Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց շրջանային զարգացումներն ու արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )