Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 23 Սեպտեմբերին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց 23 սեպտեմբերին` նշելով, որ լիագումար նիստին քննարկելիք օրակարգը պիտի մնայ նոյնը:

Նշենք, որ նախապէս լիագումար այս նիստը երեք անգամ ըլլալով յետաձգուած էր` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Նիստին յետաձգումէն ետք Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց խորհրդարանի արտակարգ վիճակ յայտարարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին հարցերը:

Տուէյհի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է լիբանանցի ժողովուրդին եւ ազգային շահերը բարձր գնահատել: Ան ընդգծեց, որ ամօթալի է լսել իրարու հասցէին կատարուող ցեխարձակումները` շեշտելով, որ պէտք է ազգային պատասխանատուութեան գիտակցիլ եւ անձնական բանավէճերէ վեր մնալ:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին ապահովական ուժերուն խստացնելու իրենց հսկողութիւնը եւ ապահովական միջոցառումները` դէմ դնելու համար բոլորը թիրախ դարձնող ահաբեկչական ծրագիրին:

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն ակնարկելով` Պըրրի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք համաձայնած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` կասեցնելու կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:

Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռուէյսի պայթումին զոհուած քաղաքացիներուն համար:

Պըրրի ցաւակցագիրներ ստացաւ նաեւ Նազեք Հարիրիէն եւ Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիէն:

Իր կարգին, Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, անոր եղբօր` Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մահուան սուգին առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )