Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
Հանդիպումէն ետք Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պէյթէտտինի պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի եւ նախկին երեսփոխան Սամիր Ազար, որոնք քննարկեցին Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
CATEGORIES Լիբանանեան