Մարութայ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Վերանորոգելու Փափաք

Մարութայ սարի Ս. Աստուածածին եկեղեցին

«Հայ թերթ» կը հաղորդէ, որ Մարութայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն մէկ մասը անցեալ տարի աւերուած էր, պիտի վերանորոգուի: Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը խումբ մը մարդոց հետ, ներառեալ` ճարտարապետներու հետ բարձրացած է 2973 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ փլած հատուածը վերակառուցելու համար դիմած են Պաթմանի նահանգապետարանին, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան եւ Տիարպեքիրի մշակութային արժէքներու պահպանութեան վարչութեան:

Վերանորոգման համար արտօնութիւն ստանալէ ետք, Սասունի հայերու միութիւնը պիտի փորձէ հիմնադրամի միջոցներով եկեղեցին նախկին տեսքին բերել:

9-րդ դարուն կառուցուած հայկական պատմական սրբավայրերէն մէկուն` Մարութայ լերան Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել մէկ ամիսէն:

«Մարութայ լերան եկեղեցին շատ կարեւոր է մեզի համար: Շուրջ մէկ տարուան ընթացքին դիմած ենք բոլոր պատկան մարմիններուն: Եկեղեցւոյ վերանորոգման համար օժանդակութիւն պիտի ստանանք շրջակայ գիւղերու բնակիչներէն: Վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք, Պոլիսէն կանչուած քահանայի օգնութեամբ կը նախատեսուի պատարագ մատուցել», ըսած է Տաղճը` աւելցնելով, որ եթէ դէպի վանք տանող ճամբան ալ վերանորոգուի, ապա յաջորդ տարուան յուլիսին հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներ պիտի գան Սասուն:

 

Share this Article
CATEGORIES