Պոլսոյ Մէջ Հայ Տարեց Կին Մը Եւս Յարձակումի Ենթարկուած Է

Մարգրիտ Չամքոսօղլու

Պոլսոյ մէջ դեկտեմբեր 2012-էն յունուար 2013 ամիսներուն հայ կիներու դէմ տեղի ունեցած յարձակումները կը շարունակուին: Այս անգամ Պոլսոյ Ֆերիքէօյ թաղամասին մէջ անյայտ չարագործի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած է 80-ամեայ Մարգրիտ Չամքոսօղլու:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆերիքէօյի Սաւաշ փողոցին մէջ բնակող 80- ամեայ Մարգրիտ Չամքոսօղլու պատմած է, որ 17 օգոստոսին խանութէն վերադառնալու ժամանակ շէնքի մուտքին միջահասակ կասկածելի տղամարդ մը տեսած է, սակայն փորձած է ուշադրութիւն չդարձնել, որովհետեւ մեծ շէնք է եւ յայտնի չէ, թէ որուն տունը եկած է:

«Երբ բնակարանին դուռը բացի, ետեւէս յարձակեցաւ` գետին ձգելով զիս: Ան գլուխս յատակին կը հարուածէր` աշխատելով սպաննել զիս: Պայուսակս սեղանին վրայ էր, որուն մէջ ընդամէնը 70 լիրա կար: Վերցուց պայուսակը եւ հեռացաւ: 50 տարիէ ի վեր այստեղ կ՛ապրիմ եւ նման բանի չէի հանդիպած», նշած է կինը:

Նշենք, որ 2012-ի դեկտեմբերին եւ 2013-ի յունուարին Պոլսոյ մէջ հայերով բնակուած Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներու դէմ յարձակումներ կատարուած էին: Այդ յարձակումներուն կատարման կասկածանքով ձերբակալուած է պոլսահայ Մուրատ Նազարեան:

Մուրատ Նազարեանին ճանչցողները կը պնդեն, որ ան շատ հանգիստ անձնաւորութիւն էր եւ անհաւատալի է, որ զայն նման բանի մէջ կը մեղադրեն:

Դատական նիստերու ժամանակ Մուրատ Նազարեան պնդած է, որ ինք հայ կիներու դէմ յարձակումներ չէ գործած եւ նման բան չի յիշեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )