Ընդդիմադիր Պատգամաւորներ Կ՛առաջարկեն Կրթաթոշակներու Թանկացման Հարցով Ազգային Ժողովի Լսումներ Կազմակերպել
Ժառանգութիւն խմբակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարզական հարցերու մնայուն յանձնախումբի անդամներ` Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ նամակով մը դիմեցին յանձնախումբի նախագահ Արտակ Դաւթեանին` կրթաթոշակներու թանկացման հարցը քննարկելու համար եօթնօրեայ ժամկէտի ընթացքին խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու առաջարկով:
CATEGORIES Հայկական

