Սահմանախախտ Թուրք Հովիւը Զինուորական Համազգեստով Եւ Զինուած Եղած Է

Panarmenian.net լրատուական կայքէջը` թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին յղում կատարելով, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ աւարտած է 31 յուլիսին Հայաստան-Թուրքիա սահմանը խախտած եւ ռուս սահմանապահներու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք սպաննուած թուրք հովիւ Մուսթաֆա Իւլքերի միջադէպի հետաքննութիւնը:

Հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ Իւլքերի պատմութիւնը շատոնց սկսած է. թուրք հովիւները իրենց անասունները սկսած են արածել սահմանին հայկական կողմին մէջ, ռուս սահմանապահները զգուշացուցած են թրքական կողմը, որ սահմանի խախտումները չկրկնուին: Թուրք սահմանապահներն ալ հովիւները զգուշացուցած են, սակայն անոնք շարունակած են իրենց անասունները հայկական կողմին մէջ արածել:

Ռուս սահմանապահները գրաւած են հայկական կողմին մէջ արածող անասուններուն մէկ մասը, ապա թրքական կողմին հետ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք զանոնք վերադարձուցած: Անասուններուն մէկ մասին վրայ, սակայն, վէրքեր եղած են: Նաեւ սահմանախախտ հովիւ Մուսթաֆա Իւլքերի անասուններէն մէկ քանիին վրայ երեւցած են այդ վէրքերը:

Հայերէն վրէժ լուծելու համար ան զինուորական համազգեստ հագած է եւ գիշերով երկու անգամ անցած է սահմանը, կրակած ռուս սահմանապահներուն ուղղութեամբ:

Երկրորդ փորձը աւարտած է անոր մահով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )