Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Չէ Կատարած

Ատլի Մանսուր

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի ժամանակաւոր իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի մէջ փաստաթուղթ ստորագրելու մասին տարածուած յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ:

ՄԱԿ-ի մէջ Եգիպտոսի մնայուն ներկայացուցչութենէն «Արմենփրես»-ին յայտնած են, որ «Թուիթըր»-ի այն հաշիւը, որմէ տարածուած էր Եգիպտոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման տեղեկատուութիւնը, չի պատկանիր Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրին: «Ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրը ընդհանրապէս «Թուիթըր»-ի հաշիւ չունի», նշած են մնայուն ներկայացուցչութենէն:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ Ատլի Մանսուրի վերագրուող հաշիւէն կատարուած էր գրառում մը` հետեւեալ բովանդակութեամբ. «ՄԱԿ-ի մէջ մեր ներկայացուցիչները պիտի ստորագրեն միջազգային փաստաթուղթ մը, որուն ճամբով պիտի ճանչցուի թրքական բանակին կողմէ իրականացուած եւ մէկ միլիոն մարդու մահուան պատճառ դարձած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )