Արցախ. Խորհրդակցութիւն` Նուիրուած Ընկերային-Տնտեսական Շարք Մը Ծրագիրներու Իրականացման
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 օգոստոսին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` նուիրուած ընկերային-տնտեսական շարք մը ծրագիրներու իրականացման:
Նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց, որ աշխատանքները պէտք է ընթանան ըստ սահմանուած ժամանակացոյցին` նպատակ ունենալով առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել ներկայ ներուժի արդիւնաւէտ բացայայտման եւ օգտագործման: Այս ուղղութեամբ նախագահ Բակօ Սահակեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
CATEGORIES Հայկական