Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Գերի Յակոբ Ինջիղուլեանի Հետ

Յակոբ Ինջիղուլեան

Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի կողմէ գերութեան մէջ պահուող Արցախի բանակի ժամկէտային զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ:

Ըստ անոր, այցելութիւնը տեղի ունեցած է երէկ: Գերիին տեղեկութիւն փոխանցուած է անոր ընտանիքին մասին եւ հակառակը:

Share this Article
CATEGORIES