Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Առողջութեան հսկելը եւ ուշադիր ըլլալը անշուշտ կարեւոր են, բայց եթէ մանր հարցեր պատահին, մի՛ մտահոգուիք: Ատոնք անցողակի են:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամներու նեցուկը ձեզ պիտի յառաջ մղէ ձեր ասպարէզին մէջ: Ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին նիւթապէս եւ բարոյապէս:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանց պատեհապաշտ ըլլալու` յարգեցէք պատեհութիւնները: Պէտք է գիտնալ օգտուիլ առիթներէն, որպէսզի անխելք չնկատուիք: Օրը յաջող է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւն մը ձեզ շատ պիտի հաճոյացնէ եւ օգտակար ըլլայ այնքան յաջող կերպով, որուն նմանը չէք ունեցած ձեր նախկին փորձառութեամբ: Երանելի էք, ուրախ մնացէք եւ լաւատես եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործին տէրն էք, կը պահէք օրուան անցուդարձերուն մասին գրաւոր եղելութիւններ, օրագրութեան նման: Ձեր այս ըրածը կը գնահատեն ձեր շուրջինները` ձեզ համարելով գիտակից եւ շրջահայեաց անձ մը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փոքր դրական վերաբերում մը բաւարար պիտի ըլլայ, որ մինչեւ հիմա ձեր նկատած հակառակորդը վերածուի հաշտ գործակիցի մը: Քայլ մը առաջ անցէք համերաշխութիւն ստեղծելու համար:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբ տնային կամ այլ կարգի ընտանեկան աշխատանք մը կատարէք, մի՛ ընէք դժկամութեամբ, այլ` զուարթախոհութեամբ, որպէսզի օրը հաճելի անցնի:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը եւ ձեր վերաբերումը պիտի գնահատուին: Ամէնքը պիտի սիրեն ձեզ, որովհետեւ ծառայասէր էք եւ կը սիրէք ձեր շուրջինները:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանեկան կեանքը պիտի անցնի սիրալիր, ինչ որ երջանկութիւն կը պարգեւէ: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ: Խաղաղ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր արհեստ մը կամ նոր արուեստ մը սորվելու փափաք ունիք: Եթէ նուագել կը սիրէք, փորձեցէք երաժշտութիւնը, կ՛օգտուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Իրապէս խնայասէր եղէք, մէկ կողմ դրէք աւելորդ ծախսերը: Պիտի կարենաք այլ կարգի կարեւոր հարցերու գումար տրամադրել:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ազնիւ վերաբերում պիտի ունենաք ձեր շրջանակին մէջ, հետեւաբար պիտի կարենաք ունենալ այն, ինչ որ կը փափաքիք: Օրը փայլուն է:

Share this Article
CATEGORIES