ԵՒՐՕ-2013. ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄՈՆԹԵՆԵԿՐՕ

Ռաֆայէլ Նազարեան

Եւրօ-2013-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Մոնթենեկրօ երիտասարդներու հաւաքականներուն ճակատումը:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան երէկ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Մոնթենեկրոյի հաւաքականի մարզիչ Տուշան Վլայսաւլեւիչ իր մամլոյ ասուլիսը տուաւ հանրապետական մարզադաշտին մէջ:

Այս մրցումը Նազարեանի համար կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ հաւաքականին հետ:

Անդրադառնալով խումբին մարզիկներուն Նազարեան ըսաւ, որ կազմը ամբողջական է, որովհետեւ բացականեր չկան խումբին մէջ:

Ան յոյս յայտնեց, որ յաջողի իր նորամուտը նշել յաղթանակով:

Share this Article
CATEGORIES