ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ «ԾԻԱԾԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ

Արամ Ա. կաթողիկոս 2011 տարին հռչակած է «Հայ մանուկի տարի»: Այս առիթով գաղութներուն մէջ տեղի կ՛ունենան յատուկ ձեռնարկներ` հայ մանուկին կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ բերող:

1 յունիսին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած «Մանուկներու օր»ուան առիթով վեհափառին այցելեցին «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան:

Վեհափառը գնահատեց անցնող չորս տարիներուն ընթացքին «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին գործունէութիւնը: Ան յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց անցնող շաբաթներուն ընթացքին նոյն խումբին ներկայացուցած «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը: Վեհափառը` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն հայ մանուկներուն նկատմամբ իր ունեցած սիրոյն ու հոգածութեան, որոշեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու հովանաւորութիւնը շնորհել «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին:

Յայտնենք, որ «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը «Տի. Վի. Տի.»ի վրայ կարելի է ստանալ Անթիլիասի մայրավանքի գրախանութէն:

Share this Article
CATEGORIES