ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Կեանքի կոչուած է արդէն Մուսա լերան  Հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի  հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինը` կեդրոն ունենալով Այնճարը: Այս  մարմինին վստահուած է հետապնդել համամուսալեռցիական Ա. (2004) եւ Բ. (2010) համագումարներուն ընթացքին ներկայացուած առաջարկներն ու ծրագիրները  2011-2015 հնգամեակի ընթացքին` համախմբելով  մուսալեռցիներու բոլոր  ուժերը, որոնք  տարածուած են աշխարհի չորս դին: Կեդրոնական մարմինը պարտականութիւն  ունի   նաեւ արժանի շուքով կազմակերպելու  վերոյիշեալ յոբելենական  հանդիսութիւնները , ինչպէս նաեւ իրականացնելու թանգարանի  ծրագիրը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կեդրոնական  մարմնի կազմը.

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան`  պատուոյ  նախագահ
Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան` Այնճարի Հայ առաքելական  համայնքի հոգեւոր  հովիւ
Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան` Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ
Վեր. ՐաՖՖի Մսըրլեան` Այնճարի Հայ աւետարանական  համայնքի  հոգեւոր հովիւ
Աբրահամ Մալգճեան` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի  ներկայացուցիչ
Կարօ Փամպուքեան` Այնճարի քաղաքապետ
Եսայի Հաւաթեան` նախագահ
Ճորճ  Աբէլեան` գանձապահ
Ցողիկ Գ. Հաւաթեան` քարտուղար
Ռիթա Քիւսպեկեան` գործավար
Արմէն Թաշճեան
Յակոբ Այնթապլեան
Սեւակ Տումանեան
Վազգէն Գալօշեան
Սարհատ Աբրահամեան
Կարպիս Քենտիրճեան
Յակոբ Պ. Հաւաթեան
Սերժ Գալուստեան
Վիգէն Քէշիշեան
Մարինէ Պոյաճեան – Գարայեան` համացանցի պատասխանատու
Մուսա լերան Լոս Անճելըսի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Սան Ֆրանսիսքոյի հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Տիթրոյիթի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Ֆրեզնոյի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Մոնրէալի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Թորոնթօ – Քեմպրիճի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Աւստրալիոյ հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Մուսա լերան Հայաստանի հայրենակցական  միութեան ներկայացուցիչ
Հայաստանի երիտասարդ մուսալեռցիներու  համախմբումի ներկայացուցիչ   …………………………………

Հեռակայ դրութեամբ կեդրոնական  մարմինին  մաս կը կազմեն նաեւ խորհրդականներ եւ տարբեր երկիրներու  մէջ լիազօր ներկայացուցիչներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES