«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ. ՈՂԲ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐԻ» ՎԷՊԻ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Շնորհահանդէսին ներկաները

Նախաձեռնութեամբ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարին եւ համատեղ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, «Ազդակ» օրաթերթի եւ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարին, երէկ` երկուշաբթի, 6 յունիս 2011-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի. ողբ Հայրենասէրի» վէպի արեւմտահայերէնի վերածուած գիրքին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, որ 12 տարուան ընդհատումէ ետք, ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարը դարձեալ ինքզինք կը դնէ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման եւ հարստացման պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ, այս անգամ եզակի ու պատգամող նախաձեռնութեամբ մը Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքի արեւմտահայերէն տարբերակը վերահրատարակելով:

ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի նախաձեռնող, հիմնադիր եւ պատասխանատու Խաժակ Գալուստեան ի տես այն երեւոյթին, որ ընթերցանութեան նահանջը կը սպառնայ հայ լեզուին ու մշակոյթին, յանդուգն քայլով մը կ՛որոշէ այս գիրքը հրապարակ դնել 2500 թղթակազմ ու լաթակազմ տպաքանակով», հաստատեց Հաւաթեան: Այս առիթով ան «Ազդակ»ի ու Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով յարգանքի զգացումներ արտայայտեց հանդէպ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի խորհուրդին մաս կազմած եւ նորահաս սերունդներու հայեցի ու գաղափարական կազմաւորման մէջ իրենց վաւերական դրոշմը ձգած երկու նուիրեալներու` վաստակաւոր մանկավարժ, դաստիարակ, տնօրէն Մանուշակ Պոյաճեանին եւ խոհուն մտաւորական, հրապարակագիր, հայ կեանքին մէջ գաղափարական հարուստ շտեմարան կառուցած Վազգէն Էթիեմեզեանին:

Յակոբ Հաւաթեան

Իր խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան յայտարարեց, որ ձեռնարկը կազմակերպած երեք կառոյցները համագործակցաբար կը յայտարարեն երեք դասակարգումներու մրցանք, որ տեղի պիտի ունենայ 2011-12 կրթական տարեշրջանի սկիզբը` տուեալ տարեշրջանի 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտներուն, նաեւ ընթերցասէրներուն համար: Երեք խումբերու պարագային յաղթողները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:

 

Օրուան առաջին բանախօսն էր գիրքի խմբագիր եւ արեւմտահայերէնի վերածումը կատարած տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, որ խօսեցաւ տարուած աշխատանքին դիմաց ցցուած դժուարութիւններուն մասին: Ան նախ նշեց, որ թէեւ Խաչատուր Աբովեանի անձին ու ճակատագիրին նկատմամբ մեծ համարում ունեցած է հայութիւնը, սակայն անոր գործերը ընթերցելը դժուար եղած է, որովհետեւ անոր լեզուն մատչելի չէ եղած արդի արեւմտահայերէն օգտագործողներուն: Ա. Եղիայեան դիտել տուաւ, որ գիրքի արեւմտահայերէն վերածումին ընթացքին հարկ եղած է թարգմանել 2000 բառեր, որոնցմէ ոմանք ոսկեդարեան բառեր եղած են ու ժամանակի ընթացքին աղաւաղուած են այնքան, որ այսօր ամբողջովին անհասկնալի են, ուրիշ բառերու խումբ մը նուազ աղաւաղումներ կրած է, սակայն մատչելի չէ, այլ խումբ մը բառեր բարբառային են, իսկ անհասկնալի բառերուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը թրքերէն բառերն են, կան նաեւ պարսկերէն բառեր:

Ան նաեւ անդրադարձաւ քերականական օրէնքներու եւ երեւոյթներու, դարձուածքաբանութիւններու, որոնք ներկայի դրութեամբ անհասկնալի կը թուին, որովհետեւ անոնք օրին մշակուած եւ գործածուած են տուեալ հաւաքականութեան համար, անոր մտածելակերպով եւ կանոններով:

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

Իր խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց` քաջալերելու ընթերցանութիւնը յատկապէս աշակերտներուն մօտ, որովհետեւ դպրոցական տարիներուն է, որ մարդ ամէնէն աւելի կը կապուի գիրքին, որ մեծ դերակատարութիւն ունի ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ: Վերջին բաժինով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքին նախաձեռնողին, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան նման ծրագիրի մը իրականացման իմաստով:

 

Ապա Հեղնար Եղիայեան ընթերցեց հատուածներ արեւմտահայերէնի վերածուած «Վէրք Հայաստանի. ողբ հայրենասէրի» գիրքէն:

Երկրորդ բանախօսն էր հայրենի գրականագէտ, արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ շեշտը դրաւ նման գիրք մը արեւմտահայ ընթերցողին մատչելի դարձնելու կարեւորութեան վրայ` հաստատելով, որ նման նախաձեռնութիւն մը իսկապէս պատմական է, նաեւ պատմական է շնորհահանդէսը: Անոր համաձայն, այսպիսով ժամանակակից մարդը հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ մեր մեծ դէմքերէն Խաչատուր Աբովեանի հետ, որ իր կեանքով ու ճակատագիրով խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի ճակատագիրին, եւ որ օրին յատուկ լեզու ստեղծած է իր ապրած ժամանակաշրջանը ներկայացնելու, նաեւ այդ գրականութիւնը այն օրերուն ապրող մարդոց մատչելի ու հարազատ դարձնելու համար:

Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան

Ե. Տէր Խաչատուրեանի համաձայն, Խ. Աբովեան այս գործը իր լրումին հասցնելէ ետք յայտարարած է, որ ինք իր գերագոյն նպատակը իրագործած է` հիմքը դնելով հայ գրականութեան մէջ շարունակուող շառաւիղի մը: Հայրենի գրականագէտը հաստատեց, որ այս գիրքը լոկ վէպ մը չէ, այլ յատուկ իմաստ, արժէք եւ խորհուրդ ունի, որովհետեւ նիւթը ժողովուրդն է, կեանքը անոր կեանքն է, հասկնալի է ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ հերոսները այդ հաւաքականութեան կը պատկանին: Անոր համաձայն, «Վէրք Հայաստանի. ողբ հայրենասէրի» գործով

Աբովեան շառաչող տարերգ ստեղծած է` ներառելով մեր կեանքի անցեալի պատմութիւնը եւ հասնելով մինչեւ ապագայ: Գիրքը լուսաւոր ջահի նման վառեցաւ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ լուսաւորել, անոր հետ առնչուելով մարդ կը մաքրուի եւ գիրքի ընթերցման աւարտին ան ինքնաբերաբար ուրիշ մէկը կը դառնայ, յայտնեց Ե. Խաչատուրեան` հաստատելով, որ այս գիրքը արեւմտահայերէնի վերածուած ամբողջական առաջին հրատարակութիւնն է: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց տարուած աշխատանքը:

Ձեռնարկէն ետք տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան մակագրեցին գիրքերէն օրինակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES