Ազգի Խնդիրները Ինչո՞ւ Չքննել Լուռ-Լռեցուող Մեծամասնութեան Հետ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հրապարակային հանդիպումներով լուռ մեծամասնութիւնը` անտարբեր դարձածները,  ինչո՞ւ չենք լսեր, երբ անոր անունով իրաւունքներ կը սահմանենք եւ կ’ուզենք խօսիլ: Անտարբերութիւնը կ’աճի, երբ երկխօսութիւնը բացակայի:

Կը խօսինք եւ կը գրենք ներազգային ճակատի «հզօրացումներ»-ու մասին, եկեղեցի, կուսակցութիւններ, Հայաստան, դպրոցներ:Շարքը երկար է: Ուրեմն կան տկարացում եւ տկարացման ազդակներ` հակառակ նախաձեռնութիւններու:

Ժողովուրդը եթէ չարտայայտուի, «չլսուի», կը յառաջանայ ճահճացում: Հայաստանի իրավիճակը, իրադարձութիւնները, ուղղութիւնները, քաղաքացիի եւ ընդհանրապէս հայու կեցուածքները եւ ընելիքը ինչո՞ւ չքննել հրապարակաւ, շարքային հայերու հետ, որ խօսին եւ ոչ միայն լսեն:

Տարի մը ետք Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: Հարցում. ընթացիկ սգատօնի կամ «քայլարշաւ»-ներու համայնքային մակարդակի՞ն պիտի մնանք, թէ՞ այլ բան պիտի նախաձեռնուի: Յանձնախումբեր ստեղծուած են: Շարքային հայերը ի՞նչ կը մտածեն, ի՞նչ կ’ակնկալեն: Խօսա՞ծ են, լիազօրա՞ծ են: Ինչպէ՞ս խօսիլ անոնց անունով` զանոնք անգիտանալով: Գէթ գիտական ձեւով պատրաստուած հարցախոյզով մը լուռ մեծամասնութեան կարծիքը առնուէր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Հարցախոյզ կազմակերպելու եւ անոր արդիւնքը նկատի ունենալու սովորութիւն չունինք: Անիկա իմաստ ունի, երբ մասնագիտական ձեւով կազմակերպուած է եւ… ծախսալից:

Այլ օրինակ մը: Եկեղեցական կազմակերպութեան եւ վարչական խնդիրներ եթէ կային անգամ, տագնապալի բնոյթ չունէին: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիի Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին հրաժարումով ստեղծուած եւ դրսեւորուած է տագնապ մը, որ այլեւս ընդհանուր է: Թերթերը կը գրեն, համացանցին վրայ կարծիքներ եւ քննադատութիւններ կը շրջին, բայց պատասխանատուներ չեն երթար դէպի շարքային ժողովուրդը, որպէսզի լուրերը բացատրուին, ժողովուրդը արտայայտուի, եւ ըստ այնմ կողմնորոշումներ ըլլան:

Իրավիճակի անշպար գնահատումը հարկ է ընել: Այս մասին խօսիլ մեղանչում չէ, ոչ ալ` յոռետեսութիւն: Պէտք է տեսնել, թէ վերջին տասը-քսան եւ աւելի տարիներուն ի՞նչ եղած է հոլովոյթը եկեղեցի յաճախողներու համրանքին եւ տարիքին:Անտարբերութիւն եւ ձեւականութիւն կը բնորոշեն ներկայ պատկերը, եկեղեցին կը համարուի քուրջ: Հայաստանեայց եկեղեցիի պարագային, հաւատքի կողքին, յաճախ կը մոռնանք անոր պատմական ազգապահպան դերը եւ անմիջական ներկային մէջ անոր համախմբելու կարողութիւնը:

Պէտք է ճշդել «կրօնական ընկերակցութիւն»-ներու անդամներուն թիւը` նշելով համայնքի անդամներուն թիւը, որպէսզի գործող մարմիններուն ոչ միայն օրինական, այլ նաեւ բարոյական հեղինակութիւնը ըստ այնմ ճանչցուի: Ինչպէ՞ս հարիւր հազար անդամ հաշուող համայնքի պատասխանատուները կրնան ճշդուիլ քանի մը տասնեակ անձերու քուէներով: Կը նշանակէ, որ միջուկը կորսուած է եւ` կճեպը մնացած, այսինքն` ջոջականութիւն:

Հարցում. մեր համայնքները եւ կազմակերպութիւնները իմաստութեամբ կ’օգտագործե՞ն մեր  բոլոր ուժերը, թէ՞ ջոջական-դիրքապաշտական դրութիւնը կը տեւականացնենք եւ կը նահանջենք, ապա կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կը հեռանան: Կը լսե՞նք լուռ մեծամասնութիւնը, որ իրական հանրային կարծիքն է, ի՞նչ կ’ընենք զայն լսելու համար: Երեւելիի մը երթեւեկին առիթով փարթամ ճաշկերոյթները հանրային կարծիքը չեն ցոլացներ: Առանց տեսակէտ պաշտպանելու կամ քննադատութիւն մերժելու ճապկումներու, ամէն տեղ թշնամի տեսնելու, պէտք է քննել հարցը, որպէսզի մեր վաղը այսօրուընէ աւելի լաւ ըլլայ:

Ներազգային կեանքը կազմակերպական հզօրացման կարիք ունի. նիւթական միջոցներ, թիւ, բայց նաեւ գիտակից եւ բանիմաց զանգուած, որ տարին անգամ մը կարգախօս լսելով չբաւարարուի, միայն թաղային-քաղաքապետական հարցերով չհետաքրքրուի, ճաշկերոյթի մը շահը ազգային յաջողութիւն չհամարէ, այլ գիտնայ պատմութիւն, անոր հետ մեր մշակոյթը, որպէսզի ազգային դիմագիծ ունենայ, եւ գիտնայ, թէ ո՛ւր կ’երթայ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պիտի երթայ, ինչպիսի հարազատ ապագայ մը կը պատրաստէ հայածնունդ սերունդներուն համար:

Նման կազմակերպութիւն եւ ուժ էապէս որակի կարիք ունին: Նաեւ` հեռանկարային ծրագրումի եւ նախաձեռնութիւններու:

Տոկալու եւ տեւելու ցանկութիւնը զգացումներով չի կրնար օրօրուիլ: Անիկա կ’ենթադրէ առաջնորդութեան կողմէ զանգուածին ներշնչուող վստահութիւն` կողմերէ եւ կողմնապաշտութիւններէ վեր:

Կրկին պէտք է անդրադառնալ որակի հարցին, որ տիտղոսներով չի սահմանուիր, անիկա համագումար, յանձնառութիւն է, զոհողութեան ոգի, անձի օրինակ, բայց նաեւ` գիտակցութիւն եւ տիրութիւն ազգի հիմնական եւ հիմնարար արժէքներուն, որ պատմութիւն է, լեզու, լայն առումով մշակոյթ եւ սկզբունքայնութիւն` ազգի նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Ասոնք կեանք կու տան ազգային հաւաքականութեան, որպէսզի անիկա շնչէ եւ ճառագայթէ:

Առանց արդարացումներ փնտռելու ճահճացումներու եւ տեղատուութեան, անշպար ախտաճանաչում պէտք է ընել` հիմնուելով ուսումնասիրութիւններու վրայ, եթէ անոնք նոյնիսկ ցաւցնող պիտի ըլլան:

Ներազգային ղեկավարումը սոսկ վարչական խնդիր չէ, անիկա առեւտրական կամ ճարտարարուեստական հիմնարկ չէ, անիկա ազգային, քաղաքական, մշակութային, գաղափարական ըմբռնում է, այլապէս մենք մեզ կը գտնենք ձեւականութիւններու մէջ եւ չի յառաջանար ցանկալի տոկալու տեւելու կամքը, որ կը ստեղծուի նաեւ որակով:

Հայաստանի կացութիւնը բարդ է, եւ երբ տեղւոյն վրայ չենք, մեր տեղեկութիւնները մասնակի են, անոնց «ընթերցում»-ը կը կատարուի մեր ակնոցով, կամ` մեր ծանօթի, կողմի: Ո՛չ ճիշդ վերլուծում կրնանք ընել եւ ո՛չ ալ յանգիլ ճիշդ եզրակացութիւններու: Արդէն սփիւռքը կարծիք յայտնելու եւ լսուելու հնարաւորութիւն չունի, նման իրաւունք չէ տրուած, չէ նախատեսուած:

Սխալները, թերիները, շահախնդրութիւնները եւ այլ չարիքները տեսնել եւ քննադատել: Բայց խստապահանջութիւնը հիմնաւոր եւ անաչառ պէտք է ըլլայ: Կը խորհի՞նք եւ կ’ըսե՞նք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կրնար ընել եւ չ’ըներ, չէ ըրած:

Հայաստանի մէջ, վերանկախացումէն  ետք, մարդիկ տէր դարձան անաշխատ հարստութեան (չարաշահութիւն, կողոպուտ): Մտաւորականութիւնը պարտք պէտք է համարէ, անհանգստանալու գնով, ճշմարտութիւնները հրապարակելու, յստակ քննադատութիւններ ընելու: Հակառակ երբեմն ըսուածի եւ անորոշ խոստումի` անշպար եւ առարկայական հաշուեքննութիւն (աուտիթ)  չկատարուեցաւ` իշխանութեան հետ կամ անոր դէմ գտնուող բոլոր օղակներուն մաս կազմողները անկեղծիք հաշուետուութեան կանչելով: Նման քայլ կ’ամրացնէր ներքին ճակատը եւ ցոյց կու տար հայ ժողովուրդին որակական տարբերութիւնը:

Ճիշդ է որ հայաստանեան կացութիւնը, ինչպէս կ’ըսուի, «մաֆիոզ» է: Բայց երկրի երեք միլիոն բնակիչները «մաֆիոզ» չեն, բոլոր քուէարկողները կաշառուած չեն: Արիութեամբ յատկանշուող եւ անկաշառ քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականութիւն կոչուած են կարեւոր եւ պատմական դերի:

Գիտական հարցախոյզ մը, սոնտաժ մը պէտք է ընել` իմանալու համար, թէ վերանկախացումէն ի վեր Հայաստանի ժողովուրդը ի՞նչ կը մտածէ իր ղեկավարներուն եւ հրապարակի վրայ եղող կուսակցութիւններուն մասին: Նման հարցախոյզ շուարումի մատնող ենթադրութիւններէ դուրս կը բերէ բոլորը:

Անպայման պէտք է քննել «աղէտ-արագաղթ»-ի եւ արտագաղթողներու հարցը, տրամագծօրէն հակառակը քարոզուած «դէպի երկիր» կարգախօսին:

Կը յիշե՞նք բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի, մարդորսական ճապկումներէ առաջ եւ վերջ, գերքաղաքական եւ իրաւութեամբ ցնցող խօսքը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի» (Սիլվա Կապուտիկեան (1919-2006):

Ցեղասպանութեան 100-ամեակ: Տեղեակ ե՞նք, թէ ի՛նչ կը կազմակերպեն Հայաստան եւ սփիւռքներ: Հարցը տեղական չէ, համայնքային չէ: Մշակութային բազմերես կորուստի հարցով թղթածրար կազմել եւ դիմել ԵՈՒՆԵՍՔՕ,  եւ հրատարակութիւն պատրաստել նոյն նիւթով եւ դիմել ԵՈՒՆԵՍՔՕ` միասնաբար հրատարակելու համար: Այս գործերը կը պահանջեն ոչ սիրողական մարդուժի եւ նիւթականի ներդրում:

Կամ` հայ եւ օտար իրաւագէտներու հետ քննել Թուրքիան Միջազգային ոճրադատ ատեան տանելու կարելիութիւնները` քայլ մը աւելի առաջ երթալով Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան աւանդական կարգախօսէն:

Համայնքային սահմաններէ դուրս պէտք է գալ: 100-ամեակը նախորդ տարիներէն տարբեր պէ՞տք է ըլլայ: Այսինքն 100-ամեակը նախորդ տարիներէն աւելի մեծ տարողութիւն պէտք է որ ունենայ, կրկնութիւն չըլլայ, նպատակադրէ հայոց իրաւունքներու ձեռքբերման յաջողութեան հասնիլ:

Ստեղծուած տեղական կամ կեդրոնական յանձնախումբերու զուգահեռ, ինչո՞ւ իրաւագէտներէ, մտաւորականներէ, պատմաբաններէ եւ քարոզչական մասնագէտներէ բաղկացած անձերով դիւանակալականէ ձերբազատած խորհրդաժողով մը չգումարել, որ ուսումնասիրուած առաջարկներ ներկայացնէ, որպէսզի ապագան կարելի ըլլայ պատրաստել եւ տեսնել, ներքին սպառումը գերանցելով` միջազգային հրապարակ գալու համար:

Խորհիլ նաեւ, որ ժամանակը ի նպաստ մեզի չի գործեր եւ սպասումները աւերող բնոյթ ունին: Գիտնալ նաեւ, որ այս կարգի մտմտուքներէ հեռու են, հեռացուած են անորոշ սահմանումով հայկական զանգուածները: Երբ ծառը կը ծածկէ անտառը, որ քնացող դարձած ուժն է, ի՞նչ կը տեսնենք:

13/08/2013, Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )