«Ի՞նչ Է Գրուել Իրանում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» (Հեղինակ` Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2012-ին, Երեւան, «Լուսաբաց հրատարակչատան» տպարանէն լոյս տեսած է Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանի Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերոյիշեալ հատորը, որ գրուած է անգլերէն, պարսկերէն եւ հայերէն լեզուներով ու կը բաղկանայ 262 էջերէ:

Պէտք է ըսել, որ սոյն գիրքը հեղինակին երկրորդ հրատարակութիւնն է: Անոր առաջին գործը, որ կը կրէ «Հայրենադարձների բռնաճնշումները ստալինեան ժամանակաշրջանում» խորագիրը, տպուած է 2010 թուին, հայերէն լեզուով եւ ապա թարգմանուած` ռուսերէնի եւ անգլերէնի: Հեղինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւած է քիմիաբանութեան ճիւղին եւ այժմ կ՛ապրի Երեւանի մէջ: Անոր անմիջական հետաքրքրութիւններուն կը պատկանի հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին զանազան նիւթերու եւ հարցերու ուսումնասիրութիւնը:

Սոյն գործի բովանդակութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ նիւթերը.

«Նախաբան»,

«Ի՞նչ է գրել իրանական մամուլը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին:

«Հայոց մեծ եղեռնը իրանցի ականատեսների յուշերում»:

«Մոհամետ Ալի Ջամալզադէի յուշերը»

«Իրանցի մէկ այլ ականատեսի յուշերը հայոց եղեռնի մասին»

«Էսմայիլ Ռային «Հայոց ցեղասպանութիւնը»»

«Թուրաջ Փարսի «Օսմանեան պետութիւնը 1,5 միլիոն հայ է կոտորել»:

Ներկայ հատորը կը պարունակէ 20-րդ դարու սկիզբը Իրանի թերթերուն մէջ տպագրուած այն սահմռկեցուցիչ յուշագրութիւններն ու վկայութիւնները, որոնք ունին սերտ առնչութիւն Հայոց ցեղասպանութեան հետ:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան իր նախաբանին մէջ կ՛ըսէ, թէ կան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք իրենց պետական արխիւներուն մէջ պահած են արժէքաւոր օրագրեր, յուշագրութիւններ եւ կարեւոր վկայութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Թէ` անոնք, որոնք ժամանակին անդրադարձած են Օսմանեան կայսրութեան հայակեր քաղաքականութեան` Ապտիւլ Համիտ Երկրորդէն մինչեւ Քեմալ Աթաթուրք (1894-1923), նկատած են, որ Թուրքիոյ մէջ կը բնաջնջուէր քաղաքակիրթ ժողովուրդ մը ամբողջ:

Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի յարակից ու մերձակայ մահմետական երկիրներու մէջ կան թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ազատած գաղթականներ: Այս առումով, հայ ժողովուրդը երախտապարտ է արաբական աշխարհին, այնտեղ, ուր մարդիկ յաճախ փրկած են հայերուն կեանքը` մինչեւ իսկ վտանգի ենթարկելով իրենց սեփական կեանքը: Այսինքն կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը կը փորձեն նկատել իբրեւ կրօնական հակամարտութեան հարց` քրիստոնեայ հայերու եւ մահմետական թուրքերու հիմնախնդիր:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է իրանական վարչակարգի տակ, բայց Իրանի կողմէ բնաջնջման որեւէ վտանգ չէ սպառնացած հայութեան դէմ: Այլ երկիրներու նման, Իրանի կառավարութիւնը եւս դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ սոյն գիրքին մէջ հայերու նկատմամբ կրօնական կողմնակալութիւն չկայ, այլ հայերու մասին կը ծանօթանանք այլազան երկիրներու տեսակէտները: Սոյն գործին մէջ կարեւոր է այն իրողութիւնը, որ իրանական թերթերը կատարած են յատուկ լրատուութիւն` հայոց ջարդերու մասին:

Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ մեզի համար հիմնականը թուրքերու վարած հակահայ քաղաքականութիւնն է: Թէ` թուրքերը ոչ միայն վտարեցին հայերը իրենց բնիկ երկրէն, այլ գրաւեցին նաեւ հայութեան պատմական հողերը եւ մշակութային թանկագին ժառանգութիւնը:

Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան կ՛ըսէ, թէ սոյն գործը, որպէսզի ըլլայ կատարեալ եւ ճշգրիտ, ստորեւ կը ներկայացնենք Մոհամետ Ալի Ջամալզադէի յուշերը եւ նաեւ անոր հակիրճ կենսագրութիւնը:

Ջամալզադէն աւարտելէ ետք Պէյրութի ֆրանսական քոլեճը, 1910 թուին կը մեկնի Ֆրանսա, ապա` Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքը, ուր ստացած է համալսարանական ուսում մինչեւ 1912 թուականը: Այնուհետեւ վերադարձած է Ֆրանսա` շարունակելու համար իր ուսումը Տիժոնի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ: 1914 թուին, աւարտելէ ետք ուսումը, կը հրաւիրուի Պերլին` իրանցի ազգայնականներու կոմիտէի հետ համագործակցելու: Այլազան շրջաններ այցելելէ ետք կը վերադառնայ Պերլին, ուր կը մնայ մինչեւ 1931 թուականը: Կը տեղափոխուի Զուիցերիա, Ժընեւ, ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ մինչեւ իր կեանքին վերջը: Մահկանացուն կը կնքէ 1997 թուին` 105 տարեկանին:

Ջամալզադէն մեծանուն երգիծաբան է, ունի բեղուն գրիչ, հրատարակած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ, պատմուածքներու ժողովածուներ, 15 հատոր վէպեր եւ վիպակներ, այլազան նիւթերով 5 աշխատութիւններ, եւրոպացի հեղինակներէ 12 գործեր թարգմանած է պարսկերէնի:

Իր յուշերուն մէջ Ջամալզադէն կը գրէ, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ականատես եղած է հայերու դէմ օսմանցիներուն կազմակերպած ոճրային արարքներուն: Ապա կ՛ըսէ, թէ այդ ջարդերը խլած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքերը: Ջամալզադէն իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս հեծեալ թուրք ժանտարմները կը քշէին բազմաթիւ հայերու խումբեր դէպի մահ եւ դէպի ոչնչացում: Հայ  աղջիկները կը սափրէին իրենց գլուխները, որպէսզի կորսնցնեն իրենց հմայքը եւ թիրախ չդառնան թուրք զինուորներու յարձակումներուն: Պարսիկ յուշագիրը կը պատկերացնէ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ինկած հայ կիներու ու երեխաներու դիակներ, որոնք մահացած են թուրք զինուորներու սուիններուն տակ:

Ջամալզադէն կ՛ըսէ, թէ ճանապարհորդութեան ընթացքին զարհուրելի օրեր անցուցած են, որոնք իրենց մղձաւանջային ահագնութեամբ` անմոռանալի կը մնան իրենց յիշողութեան մէջ:

Ջամալզադէն իր յուշագրութեան մէջ կ՛ըսէ նաեւ, թէ հետագային, երբ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը կը փոխադրուի, կ՛իմանայ այնտեղ, թէ հայ տարագիրները դժնդակ ու խիստ պայմաններու տակ կը գնդակահարուէին կամ բնաջնջման կ՛ենթարկուէին ամայաբնակ վայրերու մէջ: Սակայն զուիցերիացի բազմաթիւ ընտանիքներ Կարմիր խաչի օգնութեամբ փրկած են որբ մնացած մեծ թիւով հայ երեխաներ, որոնք կ՛ապրին այսօր Ժընեւի մէջ իբրեւ ականաւոր բժիշկներ, ճարտարագէտներ ու երկրաչափներ:

Էսմայիլ Ռային «Հայոց ցեղասպանութիւնը»

Իրանցի յայտնի պատմաբան, գրող, հրատարակիչ Էսմայիլ Ռայինը կատարած է ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ` իրանահայութեան պատմութեան եւ մշակոյթի ասպարէզներուն մէջ եւ գրած` մենագրութիւններ:

Էսմայիլ Ռային հեղինակած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ մենագրութիւնը, որ լոյս տեսած է Թեհրանի մէջ, 1972 թուին:

Սոյն հատորին մէջ Էսմայիլ Ռային կը լուսաբանէ, թէ որքա՛ն հայեր զոհուած են Թուրքիոյ մէջ 1860-էն մինչեւ 1922 թուականը:

Վերոյիշեալ մենագրութիւնը, որ կը կրէ «Մէկ ազգի բնաջնջումը» խորագիրը, կ՛ընդգրկէ հետեւեալ ենթախորագիրները: «Ցեղասպանութեան նախագիծը», «Մահուան ճանապարհ», «Ճանապարհորդութեան աւարտը», «Անընդունելի պատճառաբանութիւն», «Բացայայտ սպանութիւն», «Աւելի ցաւալի աւարտ, քան սկիզբը», «Տուրք մահուան» եւ «Գերմանիոյ գործելակերպը»:

Էսմայիլ Ռայինը վերոյիշեալ խորագիրներու տակ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքը: Ան մասնաւորապէս գլուխ առ գլուխ կը վերլուծէ Առնոլտ Թոյնպիի «Ոճրագործութիւն ընդդէմ հայերու, ազգի սպանութիւն» (Armenian Atrocities: The Murder of a Nation) մենագրութիւնը:

«Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքի հեղինակը կ՛անդրադառնայ նաեւ Շապին Գարահիսարի, Զէյթունի, Սասունի, Մուսա լերան դիմադրութիւններուն, միշտ նկատի ունենալով այն պարագան, որ Անգարան կը մերժէ ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Յիշեալ գործին հեղինակը կ՛ըսէ, թէ թուրքերուն նպատակն էր ոչնչացնել Ազրպէյճան նահանգի մէջ ապաստանած եւ այնտեղ դարերով ապրող հայերը: Այս առաջադրութեամբ, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Թալէաթ պէյը ու երիտթուրքերը չեն խնայած անգամ օսմանեան խորհրդարանի հայ անդամները` Զօհրապին ու Վարդգէսին:

Այս կապակցութեամբ, 1939 թուի օգոստոսի 23-ին, Լեհաստանի վրայ յարձակելէն երկու օր առաջ, Հիթլեր գերմանական բանակի հրամանատարներու ներկայութեան կը խօսի իր պատմական ճառերէն մէկը: Հիթլեր պահանջած է իր հրամանատարներէն, որ ըլլան անողոք եւ անվարան մաքրեն Լեհաստանը լեհ բնակիչներէն եւ Գերմանիոյ ապահովեն անհրաժեշտ հանքեր: Յիշեալ ճառով Հիթլեր յստակօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան` շեշտելով, թէ` «Ի վերջոյ, ես իմ հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերին, զինուորներին հրամայել եմ, որ պատերազմի դաշտ, դէպի մահ գնալով, վերացնեն բոլոր լեհերին` կին, տղամարդ, ծեր ու մանուկ` քանզի այդ ապականուած ցեղի ոչնչացմամբ է, որ մենք կարող ենք մեր երեխաների ապագան ապահովել, գերմանական ցեղի համար բարգաւաճելու հող ստեղծել»: Արդարեւ, Լեհաստան ներխուժելու նախօրէին` 1939 թուականի օգոստոսի 29-ին, Հիթլերը վկայակոչելով 1915 թուի հայերու եղեռնը` ըսած է. «ի վերջոյ, ո՞վ է հիմա յիշում հայերի բնաջնջումը Թուրքիայում»: (Դպրոցական մեծ հանրագիտարան, գիրք II, հատ. 2. Երեւան, 2010 թուական, էջ 91):

Էսմայիլ Ռային կ՛ըսէ, որ թէ՛ օսմանցիները եւ թէ՛ գերմանացիները, հայերուն եւ հրեաներուն դէպի մահ առաջնորդելով` կը ցանկային տիրանալ անոնց հարստութեան: Սոյն ցեղասպանութիւններուն հիմնական պատճառները եղած են կրօնական մոլեռանդութիւնն ու ատելութիւնը:

Պատմաբան Էսմայիլ Ռային Ցեղասպանութեան մասին իր մենագրութիւնը կ՛եզրափակէ` հաստատելով, թէ հրեաները կ՛ուրախանային, երբ Յիսուսի առաջին հետեւորդները խաչը կը հանէին կամ կը նետէին առիւծներու եւ այլ գիշատիչ գազաններու առջեւ:

Թէ` դարեր առաջ, Խաչակիրներու արշաւանքներու ժամանակ, քրիստոնեաները նոյն անողոք վերաբերումը ցոյց կու տային մահմետականներու հանդէպ` արեամբ պսակելով ողջ աշխարհը:

Ահաւասիկ, քանի մը դար ետք, այս անգամ օսմանցի թուրքերը աննախընթաց տանջանքներու ենթարկեցին հայ քրիստոնեաները: Սակայն օսմանցիները լաւ ճակատագիր չունեցան, որովհետեւ իրենց անցեալի հզօր կայսրութենէն ոչ մէկ հետք մնացած է այսօր:

Պէտք է ըսել, որ Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանի հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն լեզուներով լոյս տեսած վերոյիշեալ գիրքը օգտակար է այն իմաստով, որ կրնայ հարստացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին տարբեր երկիրներու կողմէ հաւաքուած նիւթերուն ցանկը»:

Օգոստոս 2013
Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )