Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սահմանային Յաճախակի Եւ Մտահոգիչ Միջադէպեր
Կիզիչ արեւն ու ամառնային շոգը միշտ ալ երկար շաբաթներու վրայ արձակուրդ պարտադրած են Կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանին մէջ: Նոյնիսկ քաղաքականութիւնը յուլիս-օգոստոս ամիսներուն կը թմրի, եւ հոն ալ դռները կը փակուին` սպասելով վերամուտին:
Սակայն, այս գոյավիճակը փոխուած կը թուի ըլլալ յատկապէս Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:
Միշտ ալ Ազրպէյճանի սահմանային շրջաններուն մէջ է, որ խախտումներ եւ միջադէպեր կը կատարուէին, սակայն յուլիս 31-ին, համեմատաբար աւելի հանդարտ նկատուող Արեւմտեան սահմանն ալ… դուրս եկաւ ներազգային ու ներշրջանային «All Quiet on the Western Front» (… Ամէն բան հանդարտ է արեւմտեան ճակատին վրայ) հասկացողութենէն: Արդարեւ, յուլիսի վերջին օրուան գիշերուան ժամերուն, հայ-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ բաւական լուրջ միջադէպ մը, որ աւարտեցաւ արիւնահոսութեամբ:
Զոհը` թուրք հովիւ մը, որուն արածող անասունները մուտք գործած էին հայկական հողեր, եւ տեղւոյն սահմանապահ զինուորները կրակելով փոխադարձած էին. այս միջադէպին իբրեւ արդիւնք` սպաննուած էր հովիւը:
Այս միջադէպը բաւական մելան հոսեցուցած էր եւ գործի լծած Անգարան, որ արտաքին գործոց նախարարութեան խողովակով, պաշտօնական բողոք մը յղած էր արեւելքի իր դրացի «թշնամի»-ին, դատապարտելով հայրենի սահմանապահ ուժերուն արագ եւ մահացու միջամտութիւնն ու կարճ ու կտրուկ պատասխանը, առանց դէպքին ետին գտնուող դրդապատճառները ներկայացնելու… մանաւանդ որ, ռուս զինուորներ նախքան պատահածը, զգուշացուցած էին սպաննուած հովիւն ու այլ գործընկերներ, թէ անոնք մօտեցած էին հայաստանեան հողաշերտ :
Այս դէպքը հազիւ պատահած, քանի մը օր ետք, այս անգամ արեւելեան շրջանի դիւրաբեկ զինադադարն է, որ խախտեցաւ եւ ազերի բանակը, որ ճակատի գիծին մօտ քանի մը օրուայ տեւողութեամբ, թէ՛ օդուժին եւ թէ՛ ցամաքային ուժերուն մասնակցութեամբ, լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած էր, յարձակումներու ձեռնարկելով, պատճառ դարձաւ որ չորս հայ զինուորներ վիրաւորուին, աւելի՛ն` հայրենի բանակի անդամ մըն ալ գերեվարուի:
Բնականաբար, հայրենի ուժերը անպատասխան չմնացին եւ ձեռնարկեցին հակադարձ գործողութիւններու, որոնց արդիւնք հինգ ազերի բանակայիններ սպաննուեցան:
Երկու սահմաններուն վրայ կատարուած դէպքերը կը փաստեն, որ Ազրպէյճանէն աւելի Թուրքիան է, որ իր ներքին հարցերու խառնիճաղանճ կացութենէն դուրս գալու համար կ՛ուզէ ամէն գնով շեշտել երկրի պաշտպանութիւնն ու տարածաշրջանի կայունութիւնը, փոխարէն նախազգուշական խօսք ուղղելով, գայլի աւետարան կարդալով եւ Հայաստանին կոչ ուղղելով` խելամտութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ:
Պոսթըն

