Ալոնսօ Աւելի Քան Երեք Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ, աւելի քան երեք ամիսով կորսնցուց իր միջնապահներէն Զապի Ալոնսոն, որ փորձերու ընթացքին ոտքէն ծանր վնասուածք ստացած էր:
31 տարական սպանացի միջազգային մարզիկը մեծ յոյս ունէր, որ հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, պիտի մասնակցի քաթարեան Սատ խումբին դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի տիտղոսին տարեկան մրցումին ծիրին մէջ:
Նշենք, որ ան բացակայած էր Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի բացման մրցումէն:
CATEGORIES Մարզական

