Սիսոքօ Վալենսիայէն Փոխ Տրուեցաւ Լիվըրփուլի
Լիվըրփուլի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Վալենսիայի ֆրանսացի յետսապահ Էլայ Սիսոքօ երկար ժամանակի մը համար փոխ տրուեցաւ խումբին:
Այսպիսով, 25 տարեկան Սիսոքօ կը հանդիսանայ հինգերորդ մարզիկը, որ կը միանայ ակումբին Լակօ Ասփասէն, Լուիս Ալպերթոյէն, Սիմոն Միկնոլեթէն եւ Քոլօ Թուրէէն ետք:
Նշենք, որ Սիսոքօ բաւական մեծ փորձառութիւն ունի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, երբ մաս կը կազմէր Փորթոյի, Լիոնի եւ Վալենսիայի:
CATEGORIES Մարզական