Ժիւտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի Երկու Մարզիկով
Նախանցեալ օր Ռիօ Տը Ժանէյրօ (Պրազիլ) մեկնեցաւ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան յայտարարեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն երկու մարզիկներ: Անոնք են` Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ) եւ Արմէն Նազարեան (66 քկ):
Դաւթեան իր առաջին մենամարտը պիտի կատարէ 26 օգոստոսին, իսկ Նազարեան` 27 օգոստոսին:
Աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին 124 երկիրներէ 779 մարզիկներ: 60 քկ դասակարգին կը մասնակցին 70, իսկ 66 քկ դասակարգին` 81 մարզիկներ, լուրը կ՛եզրափակէ PanArmenian.Net-ը:
CATEGORIES Մարզական

