Սուրիոյ Եւ Եգիպտոսի Հարցերով` Լաւրով-Պանտար Պըն Սուլթան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութիւն մը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Պանտար պըն Սուլթան իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով քննարկած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու որոշ կողմերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակը:

«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են շրջանային որոշ երեւոյթներ` շեշտը դնելով Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին վրայ: Անոնք քննարկած են նաեւ ռուս-սէուտական յարաբերութիւններուն վերաբերող որոշ հարցեր», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )