«Ժապհաթ Նուսրայի Դէմ Պայքարելու Համար Իրանեան Աջակցութիւն Մը Ստացանք» Կ՛ըսէ Մուսլիմ
Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ «քիւրտ ժողովուրդի գոյութեան եւ անոր իրաւունքներուն մինչեւ հիմա երեւան չգալուն» շուրջ սկսած քննարկումները անցեալ շաբաթ շարունակած է Իրանի մէջ:
«Պէտք է յառաջիկայ օրերուն սպասենք տեսնելու համար, թէ այդ խոստումները գործնական ի՛նչ արդիւնք պիտի ունենան, մանաւանդ այն խոստումները, որոնք թրքական ու իրանեան կողմերը տուին իսլամականներուն, մասնաւորաբար Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարելու համար»:
Մուսլիմ մերժեց Իրանի մէջ իրեն հետ հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներուն ինքնութիւնը բացայայտել եւ բաւարարուեցաւ նշելով, որ «հրաւէրը արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եկած էր, անոնց պահանջ չներկայացուցինք, անոնք ալ մեզի պահանջ չներկայացուցին, սակայն հաստատեցին, որ իրաւունք ունինք մեր հողն ու դատը պաշտպանելու եւ աշխատանք տանելու` արգելք հանդիսանալու համար իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն, որոնք բոլոր ժողովուրդներուն թշնամիին վերածուեցան: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին այդ խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ մեզի աջակցելու, սակայն այդ աջակցութեան ձեւն ու բնոյթը չբացայայտեցին: Սակայն հաստատ է, որ մեր միջեւ կապերը պիտի շարունակուին»:
Մուսլիմ նշեց, որ «Թուրքիա այցելութիւնը, որ Իրան այցելութենէն աւելի կարեւոր էր` նկատի ունենալով, որ Թուրքիա քաղաքական եւ զինուորական գետնի վրայ սուրիական ընդդիմութեան կ՛աջակցի, թէեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն հիմամբ իր կարգին դրական էր, սակայն Ժապհաթ Նուսրայի եւ իսլամականներուն Թուրքիոյ աջակցութեան հարցով գործնական արդիւնքներ չտուաւ»` աւելցնելով, որ «տակաւին փաստեր ունինք, որ Թուրքիա անոնց կ՛աջակցի»:
Մուսլիմ յայտնեց, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ Սուրիայէն դէպի Իրաք 30 հազար քիւրտերու անակնկալ գաղթին հարցով պիտի միջամտէ, եթէ իրմէ ատիկա պահանջուի, սակայն «Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովուրդը այդ մէկը չպահանջեց»:
«Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհուրդ»-ի բանբեր Շիրզատ Եզիտի իր կարգին յայտնեց, որ «ներկայիս զինուորական միջամտութիւնը սեղանի վրայ չէ»` վստահեցնելով, որ իրաքեան Քիւրտիստանը եւ հիւսիսարեւելեան Սուրիան իրարու կապող սահմանային անցքը մարդասիրական, սննդեղէնի եւ առեւտուրի տարանցման կէտի պէտք է վերածուի` նպաստելու համար, որ քիւրտերը իրենց շրջաններուն մէջ մնան:
Քիւրտ այլ ղեկավարներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «զինեալներու պակաս չկայ, որովհետեւ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու եւ ոստիկանութեան» անդամ հազարաւոր զինեալներ կան եւ անոնք Իրաքի ու Շամի մէջ իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ մղեցին բուռն կռիւներ, որոնք քանի մը ամսուան ընթացքին հազար զոհ պատճառեցին, սակայն Արեւմտեան Քիւրտիստանի շրջանը տնտեսական, ապրուստի եւ մարդասիրական աջակցութեան ու օժանդակութեան հասանելիութեան կարիք ունի»:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն յայտնած են, որ ծայրայեղ իսլամականներու դէմ բախումներու ընթացքին իրենք մէկ ամսուան ընթացքին 800 իսլամական զինեալ սպաննած են եւ 80 զոհ ունեցած են: Մասնաւորաբար Թել Հասել, Թել Արան եւ Ազեզ շրջաններուն մէջ կորսուած քիւրտ քաղաքայիններուն թիւը հասած է շուրջ 700-ի:
Զինուորական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած բախումները Քայիտան ու անոր դաշնակիցները ուժաթափ ըրած են` նշելով, որ կարգ մը ջոկատներու ղեկավարներ պահանջած են գոյացնել համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ կը պահեն իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող քարիւղի մնացեալ հանքերը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ կան, թէ Ժալ Աղայի շրջանին մէջ գտնուող կարգ մը իսլամական զինեալ խմբաւորումները շրջանէն հեռացած են: