Քիմիական Զէնքի Օգտագործո՞ւմ. «Սուրիական Ընդդիմութեան Զինեալները Իշխանութեան Հասնելու Պարագային Մեր Շահերուն Պիտի Չաջակցին» Կ՛ըսէ Զօր. Տեմփսի

Զօր. Մարթին Տեմփսի

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտնեց, որ ամերիկեան «բանակը սուրիական օդուժը ճակատամարտէն դուրս հանելու եւ ուժի հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ զինեալ ընդդիմութեան շրջելու կարողութիւնը ունի առանց ցամաքային միջամտութեան, այլ` հրթիռային հարուածներով եւ այլ ընտրանքներով, սակայն այսպիսի մօտեցում մը Միացեալ Նահանգները արաբական աշխարհին մէջ այլ պատերազմի մը մէջ կը ներքաշէ, ինչպէս նաեւ համայնքային տագնապի մէջ ընկղմած երկրին մէջ խաղաղութեան ռազմավարութիւն մը չի ներկայացներ»:

Ան Քոնկրեսին ուղղուած նամակի մը մէջ ըսաւ, որ «Սուրիա այսօր երկու կողմերու միջեւ ընտրանք մը չէ, այլ բազմաթիւ կողմերու միջեւ ընտրանքի վերածուած է»` աւելցնելով, որ «մեր ընտրած կողմը պէտք է պատրաստ ըլլայ իր շահերն ու մեր շահերը ամրապնդելու, երբ ուժերու հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ իրեն կը շրջուի եւ այդ խմբակը չէ ապահովուած»:

Ան ընդգծեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան զինեալները իշխանութեան հասնելու պարագային մեր շահերուն պիտի չաջակցին»:

Ղութա Շարքիյայի Մէջ
Քիմիական Զէնքի Կիրարկո՞ւմ

Սուրիական ազատ բանակի բանբեր Ֆահտ Մասրի յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը Ղութա Շարքիյան քիմիական զէնքով հարուածած է` «կարծելով, որ այդ ձեւով այդտեղ յաղթանակ պիտի արձանագրէ, որմէ ետք Ղութա Ղարպիյա պիտի անցնի, եւ այդ բոլորը իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին եւ Հըզպալլայի հետ համագործակցելով»: Ան ըսաւ, որ Ղութա Շարքիյայի մէջ 1188 զոհ արձանագրուած է, իսկ սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինը նշեց, որ զոհերուն թիւը 650 է: Մարմինը նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը պահանջեց` քննարկելու համար Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած «ջարդը»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնք կիրարկուած է` այդ լուրը վերագրելով Ծոցի արաբական երկիրներու արբանեակային կայաններուն կողմէ քարոզչական արշաւի մը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ պահանջեց Սուրիոյ մէջ գտնուող քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ հետաքննութիւն կատարող ՄԱԿ-ի 20 հետաքննիչներուն արտօնել դէպքին վայրը այցելել: Թուրքիան, Ֆրանսան եւ Արաբական լիկան իրենց կարգին հետաքննիչներէն պահանջեցին դէպքին վայրը այցելել:

Ռուսիա իր կարգին այս հարցին շուրջ արդար եւ արհեստավարժ հետաքննութիւն մը պահանջեց եւ զգուշացուց քիմիական զէնքի կիրարկման պատրուակին տակ Սուրիոյ դէմ որեւէ գրգռիչ քայլէ:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի Քասսա, Թիժարա եւ Ապպասին թաղամասերուն վրայ ինկան հրասանդի հրթիռներ, որոնք նիւթական վնասներ պատճառեցին, եւ որոնց պատճառով նաեւ երկու հայեր թեթեւօրէն վիրաւորուեցան:

Share this Article
CATEGORIES