Եգիպտական Դատարան Մը Կը Հրամայէ Ազատ Արձակել Մուպարաքը
Եգիպտական դատարան մը երէկ հրամայեց փտածութեան վերաբերեալ դատական գործով դատուող Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը երաշխաւորագինով ազատ արձակել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մուպարաք ե՞րբ կրնայ բանտէն դուրս գալ, անոր պաշտպան փաստաբան Ֆարիտ Տիպ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «թերեւս վաղը»:
85-ամեայ Մուպարաք վերստին դատավարութեան կ՛ենթարկուի 2011-ին զինք իշխանութենէն հեռացուցած ըմբոստութեան ընթացքին ցուցարարներու սպանութեան հարցով: Ան անցեալ տարի ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն հետագային այդ որոշումին վիճարկումին ընդունուելէն ետք, որոշուած էր դատավարութիւնը կրկնել: Այդ հարցով դատավարութիւնը սկսաւ մայիսին, սակայն Մուպարաք այժմ դատավարութենէն առաջ արգելափակման արտօնեալ ժամանակաշրջանը աւարտած է, ուստի ազատ պիտի արձակուի:
Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտնեց, որ Մուպարաքը ազատ արձակելու որոշումը պիտի չվիճարկէ:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր յայտնեց, որ արտակարգ դրութեան օրէնքին հիմամբ եւ երկրին մէջ ապահովութեան ու խաղաղութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն մղուած, հրամայած է Մուպարաքի ազատ արձակումէն ետք զայն տնային կալանքի տակ պահել:


