Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր կնոջ հետ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աթէնք: Սալամ հերքեց, թէ ինք Սէուտական Արաբիա կ՛ուղղուի` նշելով, որ եթէ նման բան ըլլար, մամուլով կը յայտարարէր:
ԶՂԱՐԹԱ գաւառի Միրիաթա աւանին մէջ երէկ գտնուեցաւ վեցամսեայ յղի կնոջ մը` Ֆաթմէ Պ. Ղ. դիակը: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, անծանօթներ զոհի ամուսնոյն մեկնումէն ետք սուր գործիքով մորթած են կինը` գողութեան համար:
ԻՍՄԱՅԻԼԵԱՆ համայնքի համանախագահ Քերիմ Աղախան երէկ անձնական օդանաւով քանի մը ժամուան համար այցելեց Պէյրութ, ապա մեկնեցաւ Փարիզ:
CATEGORIES Լիբանանեան