Մօտէն Հետեւելով Իրավիճակի Վերջին Զարգացումներուն`. Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Ժողովի Մը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, երէկ նախքան իր արձակուրդի մեկնումը, մօտէն հետեւեցաւ ընդհանուր իրավիճակի վերջին զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ ան նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ բանակային ապահովական պատկան պատասխանատուներ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրին ապահովական ընդհանուր իրավիճակն ու այս գծով որդեգրուող միջոցառումները:
CATEGORIES Լիբանանեան