Ապահովութեան Վատթարացման Մղձաւանջի Մթնոլորտին Մէջ. Երկրի Պատկան Մարմինները Զօրաշարժի Մատնուած Են Կայունութեան Հաստատման Նախանձախնդրութեամբ
Երկրի ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներուն խօսակցութեանց եւ մտահոգութեանց առանցքը կը կազմէ երկրի ապահովական վիճակն ու յատկապէս անոր ստանալիք անկայուն բնոյթին գծով շրջան ընող մտավախութիւնները: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ, վերլուծելով քաղաքական, դիւանագիտական թէ ապահովական հանդիպումներուն բնոյթն ու արդիւնքները, մտավախութիւն կը յայտնեն ապահովութեան վիճակին վատթարացման գծով` գէթ յառաջիկայ շաբաթներուն: Անոնք իրենց վարկածը կը հիմնաւորեն երկրին մէջ տիրելիք քաղաքական «տեղքայլ»-ի լոյսին տակ, որ պիտի ստեղծուի իշխանութիւններու պետերուն երկրէն բացակայութեան բերումով: Փաստօրէն նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանի առաջին տիկնոջ հետ երէկ մեկնեցաւ Նիս (Ֆրանսա)` անձնական արձակուրդով: Նմանապէս, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կնոջ հետ մեկնեցաւ Աթէնք, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նոյնպէս Լիբանանէն մեկնեցաւ` անձնական արձակուրդով:
Մեկնաբաններ իրենց մտավախութիւնները վերագրեցին ապահովական այն զարգացումներուն, որոնց հաւանականութիւնը օր ըստ օրէ աւելի կը շեշտուի Հալէպի Ազեզի շրջանին մէջ առեւանգուած ինը լիբանանցիներու հարցով, որ երէկ մտահոգիչ ուղղութիւն ստացաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի տողատակի ազդարարութեանց լոյսին տակ, թէ «ի՞նչը կ՛երաշխաւորէ, որ առեւանգեալ երկու թուրք օդաչուներու ընտանիքները լիբանանցիներ չառեւանգեն Թուրքիոյ մէջ»:
Հակառակ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի «յստակացում»-ներուն, թէ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը սխալ մեկնաբանուած է, այսուհանդերձ մեկնաբաններ պնդեցին իրենց տեսակէտը` նշելով Սայտայի մէջ տիրող ապահովական լարուած վիճակը, շրջան մը, ուր ապաստանած են շէյխ Ահմետ Ասիր եւ Ֆատըլ Շաքեր` «վայելելով» պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի ու յատկապէս Թաամիրի զինեալներու պաշտպանութիւնը: Սակայն մեկնաբանները իրենց վերլուծումները գլխաւորաբար հիմնաւորեցին այն «վտանգաւոր» բացայայտումներով, զորս բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ կատարեց` «սեղանի վրայ փռելով» իր մօտ եղող փաստերը:
Մեկնաբանները ծանրացան զօր. Քահուաժիի բացայայտումներուն վրայ, յատկապէս ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, որոնք կ՛արձանագրուին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ եւ զանազան պիտակներու տակ, ինչպէս` Պէյրութի Այիշա Պաքքար շրջանի մայրուղիի հրկիզուած անիւներով փակումը երէկ գիշեր: Արդարեւ, անցնող յուլիսին իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք հրապարակային իր առաջին ելոյթով, զօր. Քահուաժի Եարզէի զօրանոցին մէջ, հանգստեան կոչուած զինուորականներուն ի պատիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին յայտարարեց, որ բանակի յատուկ կառոյցները ամիսներէ ի վեր կը հետապնդէին ահաբեկչական այն բջիջները, որոնցմէ մէկը Ռուէյսի վերջին պայթումին պատճառ դարձած էր: Զօրավար Քահուաժի հերքեց, թէ այդ քայլերը հետեւանք են քաղաքական այս կամ այն կողմին հետ տարակարծութեանց: «Բանակը կը գտնուի մարտահրաւէրներու վճռական ընտրանքի մը դիմաց, ու ետդարձ կամ նահանջ չկայ արձանագրուող ահաբեկչական դէպքերուն պատճառով», ընդգծեց զօր. Քահուաժի` նշելով, որ ահաբեկչական այդ բջիջներուն հիմնական թիրախը համայնքային երկպառակութիւն հրահրելն է:
Փոխադարձաբար, այլ վերլուծումներ աւելի լաւատեսութեամբ կը մօտենան հարցերուն` նշելով, որ հակառակ տիրող ապահովական մղձաւանջային մթնոլորտին, երկրին վարիչները զգաստ ու գիտակից են լիբանանեան երկինքին վերեւ մթագնող ամպերուն եւ զօրաշարժի ենթարկած են իրենց բոլոր կազմերն ու կարելիութիւնները` երկրին մէջ անդորրութեան եւ կայունութեան հաստատման նախանձախնդրութեամբ: Անոնք իբրեւ օրինակ կը նշեն բանակին վճռական կեցուածքը` յանցագործներու հետապնդման ու բացայայտման գծով: Այս առնչութեամբ վերջին օրինակն էր պաղեստինցի պատկան կողմին ուղղուած վերջնագիրի ձեւով «պահանջ»-ը` յանձնելու իրեն մօտ ապաստանած յանցագործները: Նմանապէս իբրեւ դրական քայլ լաւատես մեկնաբաններ մէջբերեցին երէկ գիշեր Մունլայի շրջանին մէջ այլ ահաբեկիչի մը ձերբակալումը` բանակի պատկան մարմիններուն կողմէ:
Մեկնաբաններ բանակի այս քայլերուն մէջ քաղաքացիներուն վստահութիւն ներշնչող երաշխիք նկատեցին:
Նմանապէս անոնք մէջբերեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վճռական կեցուածքը, ուր ան խստիւ կը դատապարտէ ապահովական վերջին իրադարձութիւնները` բուռն կերպով մերժելով Լիբանանի «իրաքացում»-ը, ակնարկելով Իրաքի մէջ արձանագրուող ամէնօրեայ պայթումներուն եւ արտաքին ուժերու քաղաքական հաշիւներու ապահովական փորձադաշտ ըլլալու հանգամանքին:
Լաւատես վերլուծաբաններ նաեւ իրենց տեսակէտը հիմնաւորեցին տնտեսական մարզի վարիչներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ: Արդարեւ, վերջին շրջանին տնտեսական մարզի մէկէ աւելի պատասխանատուներ ահազանգ հնչեցուցին, յատկապէս Լիբանանը «ողողող» գաղթականներու հոսքի լոյսին տակ, եւ փրկարար միջոցառումներու կոչեր արձակեցին: