ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 յունիսին հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչի հետ, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան ընթացքին ջերմ եւ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան համար: Ան նշեց, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուեցաւ յստակ յառաջընթաց մը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ կապերու շարունակական խորացումը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց դեսպան Եովանովիչի անձնական ներդրումը երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` հետագայ դիւանագիտական աշխատանքին մէջ: