«ՄԻ՛ ԽՕՍԻՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է նոր թիրախ Հայ ազգային քոնկրեսի քննադատութեան համար, եւ նոյնինքն անով պայմանաւորուած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին մէջ Դաշնակցութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւնը:
«Իշխանութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի երկխօսութեան արդիւնքը արդէն կը զգացուի: Անոնք միասին յարձակումի սկսած են ՀՅԴ-ի վրայ: Բայց մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ջղագրգիռ եւ անհիմն յարձակումներուն վրայ», երէկ ամփոփելով գարնանային նստաշրջանը` ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:
Ան բնական նկատեց այս բոլորը, աւելի՛ն` գոհունակութիւն յայտնեց, որ այսպիսով Հայաստանի մէջ գաղափարական պայքարը կը սկսի:
Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նման վերաբերմունքը Վահան Յովհաննիսեան պայմանաւորեց հանրահաւաքէ հանրահաւաք մասնակիցներու թիւի նուազումով: Յովհաննիսեանի համոզումով, Հայ ազգային քոնկրեսը պարզապէս կը փորձէ երկխօսութենէն շեղել ժողովուրդին ուշադրութիւնը եւ այդ նպատակով ալ քննադատութեան նոր թիրախ կը փնտռէ:
Անցեալ շաբաթ Վահան Յովհաննիսեան յայտնած էր, որ Դաշնակցութիւնը Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան բացարձակապէս դէմ չէ: Ան աւելցուցած էր, որ իրենց շատ աւելի կ՛անհանգստացնէ այն փաստը, որ երկխօսութեան մէկ կողմը` Հայ ազգային քոնկրեսը կը յայտարարէ, որ իրենք կը բանակցին ամբողջ ժողովուրդին անունով:
«Մենք պարզապէս կ՛ըսենք` բանակցեցէ՛ք ձեր անունով, մեր անունով մի՛ բանակցիք եւ մի՛ ըսէք, որ կը բանակցիք ամբողջ ժողովուրդին անունով: Մենք չենք կարծեր, որ այդ իրաւունքը դուք վաստկած էք: Որովհետեւ նաեւ մենք ենք ժողովուրդը, մեր համակիրները, անոնք, որոնք զզուած հայ քաղաքական միջավայրէն, հիասթափուած, ընտրութիւններու չեն մասնակցիր եւ ո՛չ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, ո՛չ Քոնկրեսին եւ ո՛չ ալ մեզի: Հայ ժողովուրդը նաեւ այդ ժողովուրդն է: Կ՛ուզէ՞ք խորհրդարան գալ, եկէ՛ք: Կ՛ուզէք գործադիրին մէջ նուաճել որոշ տեղեր, ըրէ՛ք, բայց հայ ժողովուրդի կենսական պահանջները ձեր պահանջներով մի՛ փոխարինէք», ըսած էր Վահան Յովհաննիսեան: