ԵՄԷՆ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ Կ՛ԱՒԵԼՆԱՆ ՍԱԼԵՀԻ ՎՐԱՅ

Եմէնի ընդդիմութեան եւ Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի հետեւորդներուն յայտարարած զինադադարէն հազիւ ժամեր ետք, վերջիններէս երեք անձեր սպաննուեցան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերու արձակազէններուն կողմէ, իսկ անծանօթ զինեալներ Եմէնի փոխնախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուրի տան մօտ զրահապատ Ա. զօրամասի անցարգելի մը վրայ սպաննեցին երեք անձեր, որոնց շարքին` զինուոր մը: Յարձակում գործողները սպաննուեցան:

Զինադադարի յայտարարութենէն ետք Սանաայի մէջ հանդարտութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած էր, իսկ շէյխ Ահմարի զինեալները Եմէնի փոխնախագահին խնդրանքով հեռացած էին իրենց գրաւած կառավարական շէնքերէն:

Միւս կողմէ, Օպամայի վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի եւ անոր դաշնակիցներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի անոնք ընդունին կարգ մը պետութեանց, որոնց շարքին` Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Եմէնի տագնապին վերջ տալու համար ներկայացուած լուծումը, ըստ որուն Սալեհ փոխան անձեռնմխելիութեան շնորհման կը հեռանայ իշխանութենէն: Շարք մը պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն կրնայ պատրաստ ըլլալ Սալեհը համոզելու համար անոր նիւթական խայծեր ներկայացնելու:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը յայտնեց, որ արեւմուտքցի դիւանագէտներ եւ արաբ փորձագէտներ կը նախատեսեն, որ սէուտցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ քուլիսներու ետին աշխատանք տանին Սալեհի Եմէն վերադարձով իրենց ջանքերուն տապալումէն առաջ Եմէնի մէջ իշխանութեան փոխանցման ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու: Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Լոնտոն եւ Ուաշինկթըն ճնշում կը բանեցնեն Սէուտական Արաբիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս Սալեհը համոզէ իր պաշտօնէն հրաժարելու:

Եմէնի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կազմած Միացեալ հանդիպումի բանբեր Մոհամետ Քահթան երէկ յայտարարեց, որ համամիտ է իշխանութիւնը Եմէնի փոխնախագահին փոխանցելու ընտրանքին: Քահթան նշեց, որ փոխնախագահը Եմէնը բռնութեան ոլորտէն դուրս բերելու մեծ լրջութիւն ցուցաբերած է, եւ փոխնախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուր Հատիին կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ անմիջապէս պիտի լծուի նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու:

Եմէնի մէջ երիտասարդական յեղափոխութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը իր կարգին կոչ ուղղեց երկրէն Սալեհի հեռանալէն ետք կազմելու նախագահական փոխանցման յանձնախումբ մը, որ ազգային բոլոր ուժերը կը ներկայացնէ եւ փոխանցման շրջանը կառավարելու համար ատակ անձերէ բաղկացած փոխանցման կառավարութիւն մը եւ երիտասարդներն ու բոլոր ուժերը ներկայացնող փոխանցման խորհրդարան մը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանի եմէնի ժողովուրդի ազատութեան եւ արժանապատուութեան ձգտումներուն համապատասխանող սահմանադրութեան  նոր օրինագիծ մը պատրաստելու:

Յանձնախումբը նաեւ Սալեհի համակիրներուն կոչ ուղղեց Եմէնի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու եւ կերտելու հայրենիք մը, որ առանց բացառութեան բոլորը կը ներառէ:

Այս բոլորէն ետք, Եմէնի փոխնախագահը յայտարարեց, որ Սալեհ քանի մը օրէն Եմէն պիտի վերադառնայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES